Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ինթեր Միլանի միջնապահ Իվան Փերիսիչ, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Թոթենհամի հետ, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց լոնտոնեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Փորձառու միջնապահին պայմանագրութիւնը միլանեան ակումբին հետ իր աւարտին կը հասնի 1 յուլիսին:
Ան պէտք է սպասէ մինչեւ իր պայմանագրութեան աւարտը, որպէսզի միանայ իր նոր ակումբին:
Նշենք, որ ան մինչեւ 2024-ի ամառը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ:


