Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ կատարուող Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի քառորդ աւարտականի հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 21 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ յաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտական հանգրուանի իր տոմսը, երբ բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց աշխարհի թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի դէմ` 6-2, 4-6, 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 4 ժամ եւ 14 վայրկեան:
Կիսաւարտականին, Նատալ (դասուած` 5-րդ) պիտի ճակատի ողիմպիականի ախոյեան, գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ (3-րդ), որ իր յաղթանակը արձանագրեց սպանացի Քարլոս Ալքարասի դէմ (6-րդ)` 6-4, 6-4, 4-6 եւ 7-6 արդիւնքով:
Աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն, 18 տարեկան ամերիկացի Քորի Կաուֆ, որ դասուած է 18-րդ, առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց կրան շլեմի մրցաշարքի մը կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ իր յաղթանակը արձանագրեց իր ազգակիցին` Սլոան Սթիֆընսի դէմ` 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով:
Կիսաւարտականին ան պիտի մրցի իտալացի Մարթինա Թրեւիսանի դէմ:
Նշենք, որ «Ռոլան Կարոս»-ը իր աւարտին կը հասնի 5 յունիսին:


