Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 31 մայիսին, երբ Շիահի մարզադաշտին վրայ ժամը 21:40-ին Պէյրութ կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:
Նախորդ շաբաթավերջին Ռիատի Պէյրութ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, երբ Տինամոյի դէմ իր կատարած չորրորդ մրցումին արձանագրեց 73-64 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ 3-1 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը:
Տինամոյէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ալի Հայտար (28 կէտ եւ 13 ռիպաունտ), մինչ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էլմետտին Քիքանովիչ (20 կէտ):