Մարզական

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  18 Տարեկան Քորի Կաուֆ Ապահովեց Աւարտականի  Իր Տոմսը, Ուր Կը Մրցի Իկա Սվիաթեքի Դէմ

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». 18 Տարեկան Քորի Կաուֆ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը, Ուր Կը Մրցի Իկա Սվիաթեքի Դէմ

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի մրցաշարքին ծիրին մէջ, յստակացան աղջկանց աւարտական հանգրուանին իրենց տոմսերը ապահոված մարզիկները, երբ կատարուեցան կիսաւարտականի ճակատումները: 18 տարեկան ամերիկացի Քորի Կաուֆ, որ դասուած է 18-րդ, իր յաղթանակը արձանագրեց 59-րդ դասուած Մարթինա Թրեւիսանի (Իտալիա) դէմ` 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով: Աւարտականին Կաուֆ, որ առաջին անգամ ըլլալով հասաւ կրան շլեմի...

Զլաթան Իպրահիմովիչ 7-8 Ամիսով  Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Զլաթան Իպրահիմովիչ 7-8 Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ա. Սէ. Միլանին մաս կազմող շուէտացի միջազգային յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, որ պիտի ենթարկուի ծունկի վիրաբուժութեան, երկար ժամանակ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Ըստ իտալական մարզական մամուլին, 40 տարեկան ֆութպոլիստը շատ հաւանաբար 7-8 ամիս պիտի չկարենայ ֆութպոլի մրցումներուն մասնակցիլ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Իպրահիմովիչ, որ իր ակումբին հետ հանդիսացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, շատ հաւանաբար միլանեան կազմին հետ իր պայմանագրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգէ:...

Լեպրոն Ճէյմս Դարձաւ Միլիառատէր

Լեպրոն Ճէյմս Դարձաւ Միլիառատէր

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզի 37 տարեկան մարզիկ Լեպրոն Ճէյմս դարձաւ միլիառատէր: Նախորդ տարի Ճէյմս, որ շահեցաւ 121 միլիոն եւրօ, ներկայիս «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խաղացողներուն մէջ միակ միլիառատէրն է` «Ֆորպս»-ի ցանկին մէջ: Այստեղ նշենք սակայն, որ 8 տարի առաջ, այս իրագործումը յաջողած էր կատարել Մայքըլ Ճորտըն, սակայն ոչ` իբրեւ գործող...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ 20-0 Արդիւնքով  Յաղթական Հռչակուեցաւ. Այսօր` Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ Երրորդ Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ 20-0 Արդիւնքով Յաղթական Հռչակուեցաւ. Այսօր` Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ Երրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Մանարայի դաշտին վրայ, իրարու դէմ հանեց Ռիատի Պէյրութն ու Պէյրութը: Երկու կազմերուն միջեւ առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցած էր Շիահի մարզադաշտին վրայ, աւարտած էր Ռիատիի յաղթանակով` 71-69 արդիւնքով, հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմը մրցումին տեւողութեան ունեցած էր 22 կէտի առաւելութիւն մը: Ինչ կը վերաբերի երկու կազմերուն միջեւ...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Ռաֆայէլ Յարութիւնեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Ռաֆայէլ Յարութիւնեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան առաջին օրը, Հայաստան ունեցաւ իր առաջին ախոյեանը: 81 քկ դասակարգին մէջ, աշխարհի երիտասարդներու պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան Ռաֆայէլ Յարութիւնեան, արձանագրելով 354 քկ արդիւնք մը (160+194), տիրացաւ ոսկի մետալին: Նոյն այս դասակարգին մէջ, Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Կարէն Մարգարեան, գրաւեց չորրորդ դիրքը (337 քկ): Եւրոպայի ախոյեան հանդիսանալէ ետք Յարութիւնեան...

Արամ Ոսկանեան` Արարատի Գլխաւոր Մարզիչ

Արամ Ոսկանեան` Արարատի Գլխաւոր Մարզիչ

Արարատի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Արամ Ոսկանեան նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Էտկար Թորոսեանը: 46 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը իբրեւ գլխաւոր մարզիչ նախապէս աշխատած է Միքայի, Բանանցի, Ալաշկերտի, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին եւ ղազախական Աթիրաու ակումբին հետ: Ան մաս կազմած է հայկական եւ արտասահմանեան շարք մը ակումբներու: 1995-էն 1998 ան մաս կազմած է Արարատի եւ 81 մրցումի ընթացքին նշանակած 30...

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականը Բարեկամական Երկու Մրցում  Պիտի Կատարէ Վրաստանի Դէմ

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Բարեկամական Երկու Մրցում Պիտի Կատարէ Վրաստանի Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, որ կը շարունակէ իր մարզական հաւաքը, 5 յունիսին պիտի մեկնի Վրաստան, ուր բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Վրաստանի իր հասակակիցներուն դէմ. առաջինը` 6 յունիսին, իսկ երկրորդը` 8 յունիսին: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահագն Մինասեան:  

«Ազգերու Լիկա»-ի  Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Հայաստան-Իրլանտա Մրցումին Իրաւարարները

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստան-Իրլանտա Մրցումին Իրաւարարները

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հրապարակեց «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումներու իրաւարարներուն անունները: Բ. դասակարգի Ա. խմբակին գծով տեղի ունենալիք Հայաստան-Իրլանտա մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Ռումանիայէն: Օրուան կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Ռատու Մարիան Փեթրեսքու:    

«Ֆինալիսիմա-2022».  Արժանթին Տիտղոսակիր`  Յաղթելէ Ետք Իտալիոյ

«Ֆինալիսիմա-2022». Արժանթին Տիտղոսակիր` Յաղթելէ Ետք Իտալիոյ

«Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած Արժանթին եւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Իտալիա իրարու դէմ յանդիման եկան Անգլիոյ «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին մէջ` առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցող «Ֆինալիսիմա-2022» ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Նշուեցաւ, որ այս մրցաշարքը պիտի դառնայ աւանդական: Հարաւային ամերիկեան խումբը արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` շնորհիւ Լաութարօ Մարթինեզի (28-րդ), Անխել Տի Մարիայի (45+1-րդ) եւ Փաուլօ Տիպալայի (90+4-րդ) նշանակած...

2022-ի Մոնտիալ. «Փլէյ Օֆ».  Ուքրանիա Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

2022-ի Մոնտիալ. «Փլէյ Օֆ». Ուքրանիա Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

2022-ի Մոնտիալի «փլէյ օֆ»-ի հանգրուանին կիսաւարտականի մրցումին ծիրին մէջ, Ուքրանիա, որ հիւրը եղաւ Սկովտիոյ, արձանագրելով 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կիրակի, 5 յունիսին, հիւրը պիտի ըլլայ Կալեսի: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Անտրէյ Եարմոլենքօ (33-րդ), Ռոման Եարեմչուք (49-րդ) եւ Արտեմ Տովպիք (90+5-րդ):

Փոլ Փոկպա Հեռացաւ  Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Փոլ Փոկպա Հեռացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային հաւաքականի միջնապահ Փոլ Փոկպա, իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ հեռացաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտէն: Կողմերը իրարու հետ նոր պայմանագիրի շուրջ համաձայնութիւն չգոյացուցին: Այժմ 29 տարեկան Փոկպա 16 տարեկանէն եղած է Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, սակայն 2012-ին տեղափոխուած էր Եուվենթուս: 2016-ին, փոխան 105 միլիոն եւրոյի, ան վերադարձաւ մանչեսթըրեան ակումբ: Եունայթըտի հետ ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 233 մրցումի, նշանակեց 39 կոլ...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Մտադիր Է  Ծախել Նէյմարը

Փարիզ Սեն Ժերմեն Մտադիր Է Ծախել Նէյմարը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան` Փարիզ Սեն Ժերմէն մտադիր է ամառնային մարզիկներու փոխանցման ընթացքին ծախել իր պրազիլցի 30 տարեկան յառաջապահ Նէյմարը: 23 տարեկան ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի հետ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ ետք, փարիզեան ակումբը Նէյմարը ծախելով յոյս ունի ակումբին ծախսերը որոշ չափով նուազեցնել: Պրազիլցին շաբաթական կը գանձէ 580 հազար եւրօ: Անոր փոխանցման արժէքը ներկայիս կը գնահատուի 80-90 միլիոն եւրոյով: Ֆրանսայի...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Յստակացան Տղոց Կիսաւարտականի Զոյգերը

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Յստակացան Տղոց Կիսաւարտականի Զոյգերը

Ֆրանսայի թենիսի ախոյեանութեան` «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տղոց քառորդ աւարտականին արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան կիսաւարտական հանգրուանին իրարու դէմ ճակատող մարզիկները: Կիսաւարտականի առաջին մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալն (5-րդ) ու գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւը (3-րդ): Այս մրցումին յաղթականը աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ  խրուաթ Մարին Սիլիչ (20-րդ)-նորվեկիացի Քասպեր Ռուտ (8-րդ) մրցումին յաղթականը: Նշենք, որ մրցաշարքին...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»  Կիրակի, 5 Յունիսին` «Սփիտ Թեսթ»-ի  2-րդ Հանգրուանի Մրցումը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Կիրակի, 5 Յունիսին` «Սփիտ Թեսթ»-ի 2-րդ Հանգրուանի Մրցումը

Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին եւ գործակցութեամբ Ռումիէի քաղաքապետութեան, կիրակի, 5 յունիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ախոյեանութեան «սփիտ թեսթ»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումը, Ռումիէի շրջանին մէջ: Վարորդներուն արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք): Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 3 յունիս, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ը: Մասնակցողներուն անունները պիտի հրապարակուին շաբաթ, 4 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին:

Եւրոպայի Կռփամարտի Ախոյեանութիւն-Երեւան.  Հայաստան Գրաւեց 5-րդ Դիրքը` Մետալներու  Ընդհանուր Դասաւորման Մէջ

Եւրոպայի Կռփամարտի Ախոյեանութիւն-Երեւան. Հայաստան Գրաւեց 5-րդ Դիրքը` Մետալներու Ընդհանուր Դասաւորման Մէջ

Երեւանի մէջ իր աւարտին հասած Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ազգային հաւաքականը մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց 5-րդ դիրքը` տիրանալով 4 մետալի (1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 1 պրոնզ): Առաջին դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Վրաստան (3 ոսկի, 1 արծաթ), երկրորդ դիրքը գրաւեց Սերպիա (2 ոսկի), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Սպանիա (1 ոսկի, 3 արծաթ եւ 1 պրոնզ): Ամէնէն շատ մետալներուն տիրացաւ 6-րդ...

Մահացաւ Նոայի 15 Տարեկան Ֆութպոլիստը

Մահացաւ Նոայի 15 Տարեկան Ֆութպոլիստը

Նոա ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի ակադեմիայի սան, 15 տարեկան Կարէն Խաչատրեան մահացաւ ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով: Նոա ակումբը եւ ակադեմիան ցաւակցութիւն յայտնեցին պատանի ֆութպոլիստին ընտանիքին եւ հարազատներուն:  

Գէորգ Ղազարեան Հեռացաւ Փիւնիկէն

Գէորգ Ղազարեան Հեռացաւ Փիւնիկէն

Հայաստանի ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Փիւնիկ Երեւանէն հեռացաւ անուանի եւ փորձառու միջնապահ Գէորգ Ղազարեան: Ֆութպոլիստին հետ ստորագրուած պայմանագրութիւնը խզուեցաւ երկկողմանի համաձայնութեամբ մը, այս մասին հաղորդեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ղազարեան, որ նախորդ ամառ վերադարձած էր Փիւնիկ, իր կազմին խմբապետն էր: Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի աւարտած ախոյեանութեան, 34 տարեկան ֆութպոլիստը իր կազմին հետ կատարեց 17 մրցում եւ նշանակեց 3 կոլ: Փիւնիկ շնորհակալութիւն...

Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Մակեդոնիա-Հայաստան

Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Մակեդոնիա-Հայաստան

Այսօր` հինգշաբթի, 2 յունիսին, Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ նախանցեալ օր հասաւ Մակեդոնիա, հիւրը պիտի ըլլայ դաշտին տիրոջ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Մակեդոնիոյ մէջ երէկ Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորած կազմին միացան Երջանիկ Ղուբասարեան եւ Տարօն Իսկետերեան:  

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը  Կը Շարունակէ Իր Մարզական Հաւաքը

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Կը Շարունակէ Իր Մարզական Հաւաքը

Պատրաստուելու համար այս շաբաթավերջին սկսելիք «Ազգերու-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը շարունակէ իր մարզական հաւաքը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հայաստան յաջորդաբար պիտի մրցի Իրլանտայի (4 յունիս), Սկովտիոյ (8 յունիս), Ուքրանիոյ (11 յունիս) եւ Սկովտիոյ (14 յունիս) դէմ, յունիս ամսուան ընթացքին: Ստորեւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խոաքին Քափարոսի կողմէ նկատի առնուած մարզիկները` այս մարզական հաւաքին համար. Բերդապահներ.-...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային  Հաւաքականին Մարզական Նոր Տարազը

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Մարզական Նոր Տարազը

Մարզական տարազներ արտադրող «Մաքրոն» ընկերութիւնը ներկայացուց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նոր տարազը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը շաբաթ, 4 յունիսին պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին գծով, երբ Բ. դասակարգի Ա. խմբակին մէջ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Իրլանտան:  

Page 396 of 1280 1 … 395 396 397 … 1,280

Արխիւներ