Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի կազմերը նախորդ շաբաթավերջին պարտութիւն կրեցին:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ Մանարայի մէջ հիւրը եղաւ Ռիատի Պէյրութին, կրեց 108-35 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Իսկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) մրցեցաւ Անդրանիկ Պէյրութի դէմ, անկէ կրեց 47-43 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ քաշուեցաւ ախոյեանութենէն: