Մարզական

Ըմբշամարտ. Աշխարհի 17 Տարեկանէն  Վար Ախոյեանութիւն.  Արման Յարութիւնեան Եւ Ռազմիկ  Եփրեմեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Աշխարհի 17 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Արման Յարութիւնեան Եւ Ռազմիկ Եփրեմեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ աւարտած աշխարհի ըմբշամարտի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Արման Յարութիւնեան եւ Ռազմիկ Եփրեմեան նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի համար ապահովեցին պրոնզէ մետալներ: 45 քկ դասակարգին մէջ Արման Յարութիւնեան պարտութեան մատնեց իրանցի իր մրցակիցը` Ամիրմոհամետ Սալեհ Նաւազը, իսկ 71 քկ դասակարգին մէջ Ռազմիկ Եփրեմեան իր յաղթանակը արձանագրեց Ալիշեր Ժոլտասպայի դէմ (Ղազախստան):      

Հայկական Ֆութպոլ.  Արարատ Արմենիա-Փիւնիկ Երեւան  Մրցումը Յետաձգուեցաւ

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ Արմենիա-Փիւնիկ Երեւան Մրցումը Յետաձգուեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 31-րդ ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, յաղթանակներ արձանագրեցին Ալաշկերտ, Արարատ, Ուրարտու, Շիրակ եւ Վան: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 7 օգոստոսին նախատեսուած մրցումը` Արարատ-Արմենիայի եւ Փիւնիկ Երեւանի միջեւ, յետաձգուեցաւ, նկատի ունենալով, որ Փիւնիկ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Գ հանգրուանի մրցումներուն: Բ. հանգրուանի...

Արազ Օզպիլիս Վերսկսաւ  Իր Փորձերուն` Փիւնիկի Հետ

Արազ Օզպիլիս Վերսկսաւ Իր Փորձերուն` Փիւնիկի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Արազ Օզպիլիս վերստին միացաւ Փիւնիկ Երեւանի, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Թէեւ Օզպիլիս 2019-էն ի վեր կը հանդիսանայ ակումբի ֆութպոլիստ, սակայն ընդհանրապէս փորձերուն չէր մասնակցեր` անձնական պատճառներով: Ան արդէն իսկ նախորդ շաբաթավերջին վերսկսաւ իր փորձերուն` ընդհանուր խումբին հետ: Օզպիլիս, որ 2012-էն սկսեալ մաս կը կազմէր Հայաստանի հաւաքականին, անոր հետ 41 միջազգային մրցումի...

Համաշխարհային Ճատրակի 44-րդ Օլիմփիատ.  Հայաստանի Հաւաքականները Ունեցան  Յաղթական Մեկնարկներ

Համաշխարհային Ճատրակի 44-րդ Օլիմփիատ. Հայաստանի Հաւաքականները Ունեցան Յաղթական Մեկնարկներ

Նախորդ շաբաթավերջին Չինաստանի Շենայ քաղաքին մէջ մեկնարկը տրուեցաւ համաշխարհային ճատրակի 44-րդ օլիմփիատին: Մրցաշարքին բնականաբար իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները: Իրենց կատարած առաջին մրցումին, Հայաստանի տղաքը 4-0 արդիւնքով յաղթեցին Մատակասքարի, իսկ աղջիկները նոյն արդիւնքով` Պոցուանային: Տղոց պարագային յաղթանակ արձանագրեցին Հրանդ Մելքումեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան: Իսկ աղջկանց հաւաքականէն յաղթանակ արձանագրեցին Էլինա Դանիէլեան,...

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի 18 Տարեկանէն Վար  Տղոց Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Իր Ելոյթները  Աւարտեց Պարտութեամբ

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Իր Ելոյթները Աւարտեց Պարտութեամբ

Հայաստանի տղոց 18 տարեկանէն վար տղոց ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէր Եւրոպայի պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեց իր ելոյթները` կրելով պարտութիւն մը: Հայրենի կազմը, որ խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումներէն ետք իր վերջին մրցումը կատարեց 5-8-րդ դիրքին համար, 70-65 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մոլտովայէն, այսպիսով 10 խումբերուն միջեւ ընթացող մրցաշարքին ընթացքին գրաւեց 8-րդ...

Փարիզ Սեն Ժերմեն` Ֆրանսայի  Ֆութպոլի Գերբաժակակիր

Փարիզ Սեն Ժերմեն` Ֆրանսայի Ֆութպոլի Գերբաժակակիր

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, իրարու դէմ մրցեցան Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Նանթ: Մրցումը վերջ գտաւ մայրաքաղաքի կազմին` Սեն Ժերմենի յաղթանակով, որ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին արժանթինցի Լիոնել Մեսսի (22-րդ), պրազիլցի Նէյմար (45+5-րդ եւ 82-րդ` փենալթիով) եւ սպանացի Սերճիօ Ռամոս (57-րդ): Սեն Ժերմեն, որ վերջին անգամ այս տիտղոսին տիրացած...

Անգլիոյ Ֆութպոլի  Գերբաժակի Մրցաշարք.  Լիվըրփուլ 3-1 Արդիւնքով Յաղթեց  Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիին

Անգլիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Լիվըրփուլ 3-1 Արդիւնքով Յաղթեց Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիին

Նախորդ շաբաթավերջին իրարու դէմ մրցեցան Մանչեսթըր Սիթի եւ Լիվըրփուլ, Անգլիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած մրցումին: Գերմանացի Եուրկըն Քլոփի գլխաւորած կազմը` Լիվըրփուլ, դարձաւ տիտղոսակիր, 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք երկրի ախոյեան Սիթիին: Այսպիսով, Լիվըրփուլ ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ 16-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ այս մրցաշարքին տիտղոսակիրը, որ ընդհանրապէս կը ճանչցուի իբրեւ «Քոմիւնիթի Շիլտ»-ի մրցաշարք անունով: Նշենք, որ Լիվըրփուլ վերջին անգամ ըլլալով...

Եւրոպայի Աղջկանց Ֆութպոլի  Ախոյեանութիւն.  Անգլիա Դարձաւ Տիտղոսակիր`  2-1 Արդիւնքով Յաղթելով Գերմանիոյ

Եւրոպայի Աղջկանց Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Անգլիա Դարձաւ Տիտղոսակիր` 2-1 Արդիւնքով Յաղթելով Գերմանիոյ

Նախորդ շաբաթավերջին, Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ գտնուող «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան («ԵՒՐՕ-2022») աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Գերմանիա եւ հիւրընկալ երկիրը` Անգլիա: Անգլիացիք տիրացան տիտղոսին` երկարաձգումէն ետք 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք իրենց մրցակիցին: Անգլիոյ կոլերը նշանակեցին Էլլա Թուն (62-րդ) եւ Քլոյէ Քելլի (110-րդ), իսկ Գերմանիոյ միակ կոլը` Լինա Մակուլ (79-րդ): Նշենք, որ...

Գերմանիոյ Ֆութպոլի  Գերբաժակի Մրցաշարք.  Պայէրն Միւնիխ Տիտղոսակիր`  10-րդ Անգամ Ըլլալով

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Պայէրն Միւնիխ Տիտղոսակիր` 10-րդ Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին, Պայէրն Միւնիխ-Լայփցիկ մրցումը աւարտեցաւ երկրին գործող ախոյեան Պայէրնի յաղթանակով, որ 5-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը: Այսպիսով, Ժուլիան Նակելսմանի գլխաւորած կազմը իր պատմութեան մէջ 10-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ այս մրցաշարքի տիտղոսակիր: Նշենք, որ մրցումին ութ կոլերն ալ նշանակուեցան ութ տարբեր մարզիկներու կողմէ:  

Սատիօ Մանէ` Ափրիկէի Տարուան  Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Սատիօ Մանէ` Ափրիկէի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէ նախորդ շաբաթավերջին ճանչցուեցաւ Ափրիկէի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Այս մրցանակին համար մղուող պայքարին, 30 տարեկան Մանէ գերազանցեց իր նախկին խմբակիցը` Մոհամետ Սալահը եւ Չելսիի բերդապահ Էտուարտ Մենտին: Մանէ, որ երկրորդ անգամ ըլլալով կը ճանչցուի իբրեւ Ափրիկէի լաւագոյն ֆութպոլիստը (առաջինը` 2019-ին), իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ նախորդ տարի տիրացաւ Ափրիկէի ազգերու ֆութպոլի բաժակի...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերը  Աւարտեցան Փակման Հանդիսաւոր Արարողութեամբ

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերը Աւարտեցան Փակման Հանդիսաւոր Արարողութեամբ

Ուրբաթ, 29 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ, վարագոյրը իջաւ համա-ՀՄԸՄ-կան 11-րդ մարզախաղերուն վրայ, եւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ժամադրուեցաւ չորս տարի ետք դարձեալ հանդիպելու նոր մարզախաղերով եւ ախոյեաններով: Փակման հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբի եւ դրօշակակիրներու համալիր մուտքով: Յաջորդեցին մարզախաղերու մասնակից 20 երկիրներու պատուիրակութիւնները` իրենց դրօշներով, նուաճած բաժակներով ու մետալներով: Հնչեցին Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները: Ապա, օրուան...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ  Մարզախաղերու Արդիւնքները

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերը Յաջողութեամբ Կ՛անցնին Պատմութեան

Այսօր երեկոյեան կազմակերպուած փակման հանդիսաւոր արարողութեամբ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը կ’անցնին պատմութեան: Պարտեալ խումբերը կը շնորհաւորեն յաղթականները, յաղթականները կը յուսադրեն պարտուողները: Ինը օրերու վրայ երկարած համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը ունեցան իրենց ախոյեանները: Բաւական սուր մրցակցութիւն արձանագրուեցաւ յատկապէս ֆութպոլի, ֆութսալի եւ պասքեթպոլի տղոց ու աղջկանց մրցումներուն: Վոլիպոլի պարագային գերակայութիւնը եղաւ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի խումբին, իսկ փինկ-փոնկի պարագային` Արցախի շրջանին: Ֆութսալի բաժակները, տղոց եւ աղջկանց...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ  Մարզախաղերու Արդիւնքները

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերը Թեւակոխեցին Քառորդ Աւարտական Եւ Կիսաւարտական Հանգրուանները

Համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերը իրենց աւարտին կը հասնին վաղը` ուրբաթ, 29 յուլիսի երեկոյեան, Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ կազմակերպուած փակման հանդիսութեամբ: Աթլեթիզմի, կոլֆի, թենիսի եւ լողի մրցումները աւարտած են արդէն: Աւարտած են նաեւ ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի անհատական կարողութեան մրցումները: Երէկ տեղի ունեցան խմբային մարզախաղերու քառորդ աւարտական եւ կիսաւարտական մրցումները: Այսօր եւ վաղը կը կատարուին աւարտական մրցումները եւ կը յստականան մարզախաղերուն գլխաւոր ախոյեանները,...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Անհատական  Ախոյեանութիւն.  Նոել Քէշիշեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Անհատական Ախոյեանութիւն. Նոել Քէշիշեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) իր աւարտին հասաւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց անհատական ախոյեանութիւնը: ՀՄԸՄ Պէյրութին մաս կազմող Նոել Քէշիշեան թէեւ հասաւ կիսաւարտական հանգրուան, սակայն 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Մարիանա Սահակեանէն (Անդրանիկ Պէյրութ), տիրացաւ պրոնզ մետալին: Աւարտական մրցումին, Սահակեան յաղթեց իր խմբակիցին` Թալիա Ազարի, 4-2 արդիւնքով: Նշենք, որ աղջկանց անհատական մրցումներուն...

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի  Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Ազգային  Խումբին Երկրորդ Յաղթանակը

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Ազգային Խումբին Երկրորդ Յաղթանակը

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ 18 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 94-70 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սուրիան: Լիբանան իր կատարած առաջին մրցումին 101-65 արդիւնքով յաղթած էր Պաղեստինի: Ա. հանգրուանի իր վերջին մրցումին, Լիբանան այսօր կը մրցի Իրաքի դէմ, ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Նշենք, որ այս...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Հաւաքականին  Պարտութիւնը` Մոլտովայէն

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Հաւաքականին Պարտութիւնը` Մոլտովայէն

Եւրոպայի պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգի Բ. խմբակին, իր երկրորդ մրցումին մրցեցաւ Մոլտովայի դէմ եւ անկէ կրեց 82-69 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը (27) նշանակեց Հայաստանէն Տիգրան Մկրտումեան: Հայաստան, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթած էր Ճիպրալթարին, իր երրորդ մրցումը կը կատարէ այսօր` չորեքշաբթի, 27...

Հայ Ճատրակ Խաղացողները Հնդկաստանի Մէջ  Կը Մասնակցին Ճատրակի 44-րդ Օլիմփիատին

Հայ Ճատրակ Խաղացողները Հնդկաստանի Մէջ Կը Մասնակցին Ճատրակի 44-րդ Օլիմփիատին

28 յուլիսէն 10 օգոստոս Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի 44-րդ Օլիմփիատը: Հայաստանի տղոց հաւաքականին մաս կը կազմեն Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արման Փաշիկեան: Իսկ աղջկանց հաւաքականին, Զաւէն Անդրէասեանի գլխաւորած կազմին մաս կը կազմեն Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան:  

Ըմբշամարտ.  Շանթ Խաչատրեան Եւ Կարապետ Չալեան`  Արծաթէ Մետալակիրներ

Ըմբշամարտ. Շանթ Խաչատրեան Եւ Կարապետ Չալեան` Արծաթէ Մետալակիրներ

Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականի անդամներ Շանթ Խաչատրեան (72 քկ) եւ Կարապետ Չալեան (82 քկ) դարձան արծաթէ մետալակիրներ: Մրցաշարքին առաջին օրը, 67 քկ դասակարգին մէջ, Սլաւիկ Գալստեան տիրացած էր ոսկի մետալին` աւարտականին 8-1 արդիւնքով յաղթելով իր ճափոնցի մրցակիցին: Իսկ 55 քկ դասակարգին մէջ Ռուդիկ Մկրտչեան դարձած էր պրոնզէ մետալակիր:    

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերը Կը Շարունակուին Մեծ Խանդավառութեամբ

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերը Կը Շարունակուին Մեծ Խանդավառութեամբ

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը, հինգերորդ օրն ըլլալով, երէկ շարունակուեցան Երեւանի եւ Գիւմրիի մարզադաշտերուն վրայ: Մրցումներու յայտագիրները եղան բաւական հարուստ. ֆութպոլ, ֆութսալ, ծովափի վոլիպոլ, պասքեթպոլ (5x5 եւ 3x3), լող, աթլեթ, ճատրակ եւ ֆութպոլի անհատական կարողութեան մրցումներ: Երէկ տեղի ունեցան նաեւ «Հրաշք» մարզախաղերու երկրորդ հանգրուանի մրցումները` Գիւմրիէն եւ Երեւանէն յատուկ խնամքի կարօտ 92 պատանիներու համար: Ֆութպոլ Հարաւային Ամերիկա - Թիֆլիս 2-1 Արեւմտեան Միացեալ...

Յ. Բագրատունիի Գրառումը` Լիբանանի  Պասքեթպոլի Ազգային Խումբին Մասին

Յ. Բագրատունիի Գրառումը` Լիբանանի Պասքեթպոլի Ազգային Խումբին Մասին

Լիբանանի պասքեթպոլի Ազգային խումբին կողմէ Պասքեթպոլի Ասիոյ ախոյեանութեան մասնակցութեան եւ աւարտական խաղին հասնելու առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Շնորհաւո՛ր Լիբանանի պասքեթպոլի Ազգային խումբի հերոսներուն, որոնք Պասքեթպոլի Ասիոյ ախոյեանութեան երկրորդ դիրքը գրաւեցին: Դուք մինչեւ վերջին վայրկեանը պայքարեցաք` ամբողջ ժողովուրդ մը ուրախացնելու համար: Անհոգ եղէ՛ք. այսօր լիբանանցի ժողովուրդը ձեզմով հպարտ...

Page 380 of 1280 1 … 379 380 381 … 1,280

Արխիւներ