Հայաստանի տղոց 18 տարեկանէն վար տղոց ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէր Եւրոպայի պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեց իր ելոյթները` կրելով պարտութիւն մը:
Հայրենի կազմը, որ խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումներէն ետք իր վերջին մրցումը կատարեց 5-8-րդ դիրքին համար, 70-65 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մոլտովայէն, այսպիսով 10 խումբերուն միջեւ ընթացող մրցաշարքին ընթացքին գրաւեց 8-րդ դիրքը:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս վերջին մրցումին Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Վահան Սարգսեան (17 կէտ):