Լիբանանի պասքեթպոլի Ազգային խումբին կողմէ Պասքեթպոլի Ասիոյ ախոյեանութեան մասնակցութեան եւ աւարտական խաղին հասնելու առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Շնորհաւո՛ր Լիբանանի պասքեթպոլի Ազգային խումբի հերոսներուն, որոնք Պասքեթպոլի Ասիոյ ախոյեանութեան երկրորդ դիրքը գրաւեցին:
Դուք մինչեւ վերջին վայրկեանը պայքարեցաք` ամբողջ ժողովուրդ մը ուրախացնելու համար:
Անհոգ եղէ՛ք. այսօր լիբանանցի ժողովուրդը ձեզմով հպարտ ժողովուրդ մըն է»: