Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) իր աւարտին հասաւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց անհատական ախոյեանութիւնը:
ՀՄԸՄ Պէյրութին մաս կազմող Նոել Քէշիշեան թէեւ հասաւ կիսաւարտական հանգրուան, սակայն 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Մարիանա Սահակեանէն (Անդրանիկ Պէյրութ), տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Աւարտական մրցումին, Սահակեան յաղթեց իր խմբակիցին` Թալիա Ազարի, 4-2 արդիւնքով:
Նշենք, որ աղջկանց անհատական մրցումներուն զուգահեռ, տեղի ունեցան նաեւ տղոց զոյգի մրցումները:
Ախոյեան հանդիսացաւ Սաաէտտին Հապաշ-Մոհամետ Նուր Հապաշ զոյգը (Անդրանիկ Պէյրութ), որ աւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց Մոհամետ Համիէ (Ռիատի Ղազիր)-Հիլալ Մուխթար (Ֆետի Աքտաս) զոյգին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամներուն ներկայութեան: