Նախորդ շաբաթավերջին իրարու դէմ մրցեցան Մանչեսթըր Սիթի եւ Լիվըրփուլ, Անգլիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած մրցումին:
Գերմանացի Եուրկըն Քլոփի գլխաւորած կազմը` Լիվըրփուլ, դարձաւ տիտղոսակիր, 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք երկրի ախոյեան Սիթիին:
Այսպիսով, Լիվըրփուլ ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ 16-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ այս մրցաշարքին տիտղոսակիրը, որ ընդհանրապէս կը ճանչցուի իբրեւ «Քոմիւնիթի Շիլտ»-ի մրցաշարք անունով:
Նշենք, որ Լիվըրփուլ վերջին անգամ ըլլալով այս մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած էր 2006-ին: