Նախորդ շաբաթավերջին Չինաստանի Շենայ քաղաքին մէջ մեկնարկը տրուեցաւ համաշխարհային ճատրակի 44-րդ օլիմփիատին:
Մրցաշարքին բնականաբար իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները:
Իրենց կատարած առաջին մրցումին, Հայաստանի տղաքը 4-0 արդիւնքով յաղթեցին Մատակասքարի, իսկ աղջիկները նոյն արդիւնքով` Պոցուանային:
Տղոց պարագային յաղթանակ արձանագրեցին Հրանդ Մելքումեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան:
Իսկ աղջկանց հաւաքականէն յաղթանակ արձանագրեցին Էլինա Դանիէլեան, Աննա Սարգսեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան:
Տղոց կազմը ապա յաջորդաբար յաղթեց Անտորրայի (3-1) եւ Եգիպտոսի (2,5-1,5), մինչ երէկ, Դ. հանգրուանին` Աւստրիոյ, 3-1 արդիւնքով:
Հայրենի կազմը այժմ Հնդկաստանի երկրորդ խումբին, Իսրայէլի, Անգլիոյ եւ Սպանիոյ հետ կը բաժնէ 1-5-րդ դիրքերը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց հաւաքականին, որ Ա. հանգրուանին յաղթած էր, երէկ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Իրլանտային:
Մնացեալ երկու մրցումներուն, Հայաստան յաղթեց Նորվեկիոյ (4-0), ապա պարտուեցաւ Էսթոնիայէն (2,5-1,5):
Այժմ Հայաստանի աղջիկները կը բաժնեն 12-46-րդ դիրքերը:
Նշենք, որ ընդամէնը տեղի պիտի ունենան 11 հանգրուանի մրցումներ:
Վերջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 11 օգոստոսին: