Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականի անդամներ Շանթ Խաչատրեան (72 քկ) եւ Կարապետ Չալեան (82 քկ) դարձան արծաթէ մետալակիրներ:
Մրցաշարքին առաջին օրը, 67 քկ դասակարգին մէջ, Սլաւիկ Գալստեան տիրացած էր ոսկի մետալին` աւարտականին 8-1 արդիւնքով յաղթելով իր ճափոնցի մրցակիցին:
Իսկ 55 քկ դասակարգին մէջ Ռուդիկ Մկրտչեան դարձած էր պրոնզէ մետալակիր: