Մարզական

Ճատրակի Համաշխարհային Օլիմփիատ.  Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Յաղթեց  Հնդկաստանին Եւ Գրաւեց Առաջին Դիրքը

Ճատրակի Համաշխարհային Օլիմփիատ. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Յաղթեց Հնդկաստանին Եւ Գրաւեց Առաջին Դիրքը

Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի Համաշխարհային 44-րդ Օլիմփիատի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Հնդկաստանի Բ. խումբին դէմ, արձանագրելով 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը, գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով առաւելագոյն 12 կէտը: Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան յաղթանակներ արձանագրեցին, Հրանդ Մելքումեան` հաւասարութիւն մը, մինչ առաջին խաղատախտակին վրայ մրցող Գաբրիէլ Սարգսեան...

«Ասիոյ Երեխաներու»  7-րդ Մարզական Խաղեր.  Մհեր Օհանեան Հայաստանին  Ապահովեց Ոսկի Մետալ Մը

«Ասիոյ Երեխաներու» 7-րդ Մարզական Խաղեր. Մհեր Օհանեան Հայաստանին Ապահովեց Ոսկի Մետալ Մը

Ռուսական Վլատիվոսթոք քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Ասիոյ երեխաներու» 7-րդ միջազգային մարզական խաղերուն, երէկ` չորեքշաբթի, 3 օգոստոսին, սամպոյի 64 քկ դասակարգի մրցումներուն, Մհեր Օհանեան Հայաստանին ապահովեց առաջին ոսկի մետալը: Նշանառութեան մրցումներուն, 15 տարեկան Նարէ Մելքումեան տիրացաւ արծաթ մետալին: Իսկ Գագիկ Նիկողոսեան նշանառութեան մրցումներուն (10 մ հրացան) գրաւեց երրորդ դիրքը` տիրանալով պրոնզ մետալին: Պիչ վոլիպոլի մրցումներուն, Միլենա եւ Ելիզավետա Տօնոյեան զոյգը աւարտեց...

Արթուր Գալոյեան Նշանակեց  Իր Երկրորդ Կոլը

Արթուր Գալոյեան Նշանակեց Իր Երկրորդ Կոլը

Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ալանիա Վլատիքաւքազ, որ հիւրընկալեց Ենիսէյ Քրասնոյարսքը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Հայրենի միջնապահ Արթուր Գալոյեան, որ Ենիսէյի իր կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 9-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը: Նշենք, որ 23 տարեկան Գալոյեան 2-րդ հանգրուանի մրցումին եւս կոլ մը նշանակած էր,...

Մահացաւ Անցեալի Անուանի  Պասքեթպոլիստ Պիլ Ռասըլ

Մահացաւ Անցեալի Անուանի Պասքեթպոլիստ Պիլ Ռասըլ

Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան` «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած անցեալի անուանի պասքեթպոլիստ Պիլ Ռասըլ, նախանցեալ օր կեանքէն հեռացաւ իր 88 տարեկան հասակին: Ռասըլ Պոսթըն Սելթիքսի յաջողութեան կարեւոր կերտիչներէն մէկը եղած է եւ անոր հետ ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 11 անգամ հանդիսացած է «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի ախոյեան: Իսկ իբրեւ մարզիչ ան երկու անգամ հանդիսացած է երկրի ախոյեան`...

Նէյմար Գերազանցեց Ռոնալտոյի  Ցուցանիշը

Նէյմար Գերազանցեց Ռոնալտոյի Ցուցանիշը

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Փարիզ Սեն Ժերմեն հանդիսացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիրը` 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նանթին: Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց պրազիլցի Նէյմար: Ինչպէս կը յայտնէ «Կլոպօ», իր նշանակած այդ երկու կոլերուն շնորհիւ, պրազիլցին այսպիսով գերազանցեց փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոն` աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր նշանակած կոլերուն քանակով: Այսպիսով, տարբեր մրցաշարքերու 35 աւարտականներուն ընթացքին Նէյմար նշանակած է 21 կոլ,...

Ռոնալտօ Մինչեւ 7 Օգոստոս Կը Փափաքի  Հեռանալ Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Ռոնալտօ Մինչեւ 7 Օգոստոս Կը Փափաքի Հեռանալ Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ամէն գնով կը փափաքի հեռանալ իր ակումբէն, նախքան «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին մեկնարկը տրուիլը: 7 օգոստոսին Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտի առաջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Պրայթըն: 37 տարեկան ֆութպոլիստը կը փափաքի ամէն գնով նոր տարեշրջանը փոխադրուիլ նոր ակումբ: Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, անոր մաս կազմելիք ակումբներէն մէկը...

Քաւանի Կը Փափաքի Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ  Ասպարէզը Շարունակել Սպանիոյ Մէջ

Քաւանի Կը Փափաքի Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Շարունակել Սպանիոյ Մէջ

Ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի, որ Մանչեսթըր Եունայթըտէն հեռանալէն ետք այժմ կը նկատուի ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին, կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Սպանիոյ մէջ: Ըստ միջազգային մարզական մամուլին, 35 տարեկան Քաւանի կ՛ուզէ միանալ Ռէալ Մատրիտին, նոյնիսկ եթէ նկատի առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ, սակայն անոր հետ փորձելով տիրանալ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին: Վերջին շրջանին Քաւանիով...

Տը Եոնկի Ապագան Ցարդ  Կը Մնայ Անորոշ

Տը Եոնկի Ապագան Ցարդ Կը Մնայ Անորոշ

Նախորդ ամսուան ընթացքին թէեւ ընդհանրապէս խօսուեցաւ քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող նետերլանտցի միջնապահ Ֆրենքի Տը Եոնկի մասին, սակայն անոր ապագան ցարդ կը մնայ անորոշ եւ ցարդ յստակ չէ, թէ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը ո՛ր ակումբին հետ պիտի շարունակէ: Ըստ սպանական մարզական մամուլին, ան կ՛ուզէ քննարկել միայն երկու ակումբի` Պայէրն Միւնիխի եւ Չելսիի առաջարկները, ամբողջութեամբ մերժելէ ետք Մանչեսթըր Եունայթըտի առաջարկը: Տը...

Աթլեթիզմ.  Լիբանանի Անհատական Ախոյեանութեան  Ընթացքին Հաստատուեցան Հինգ Նոր Մրցանիշեր

Աթլեթիզմ. Լիբանանի Անհատական Ախոյեանութեան Ընթացքին Հաստատուեցան Հինգ Նոր Մրցանիշեր

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին երեք օրուան տեւողութեան վրայ, Քամիլ Շամունի անուան Մարզական աւանին եւ Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթիզմի տղոց եւ աղջկանց 2022 տարեշրջանի անհատական ախոյեանութեան մրցումները: Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը ախոյեանութեան աւարտէն ետք յայտարարեց, որ տեղական հինգ մրցանիշեր հաստատուեցան տարբեր տեսակի մրցումներու ընթացքին: Ախոյեանութեան աւարտին տեղի ունեցաւ բոլոր մրցանակակիր մարզիկներուն մրցանակաբաշխութիւնը` Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին նախագահ Ռոլան...

Համաշխարհային Օլիմփիատ.  Հայաստանի Տղոց Հաւաքականին  Յաջորդական 5-րդ Յաղթանակը

Համաշխարհային Օլիմփիատ. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականին Յաջորդական 5-րդ Յաղթանակը

Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ շարունակուող Համաշխարհային Օլիմփիատի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Անգլիոյ դէմ, արձանագրեց իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը` 2,5-1,5 արդիւնքով: Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մայքըլ Էտըմսի հետ: Իրենց կարգին, հաւասարութիւններ արձանագրեցին նաեւ Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան: Հայաստանի յաղթական կէտը ապահովեց Հրանդ Մելքումեան, որ իր յաղթանակը արձանագրեց ճերմակ քարերով: Իր արձանագրած...

ՖԻՏԷ.  Հայաստանէն Երեքական Ներկայացուցիչ`  Առաջին Հարիւրին Մէջ

ՖԻՏԷ. Հայաստանէն Երեքական Ներկայացուցիչ` Առաջին Հարիւրին Մէջ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած օգոստոս ամսուան նոր դասաւորման մէջ, Հայաստան ունի երեքական ներկայացուցիչ` առաջին հարիւրին մէջ: Տղոց պարագային, առաջին հարիւրին մէջ են Գաբրիէլ Սարգսեան (40-րդ), Հայկ Մարտիրոսեան (82-րդ) եւ Շանթ Սարգսեան (90-րդ): Իսկ աղջկանց պարագային, առաջին հարիւրին մէջ են Էլինա Դանիէլեան (30-րդ), Աննա Սարգսեան (74-րդ) եւ Լիլիթ Մկրտչեան (95-րդ): Նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն կը մնայ առաջին, մինչ Միացեալ Նահանգներու...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` «Կարմիր Աստղ»  Պելկրատ-Փիւնիկ Երեւան

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` «Կարմիր Աստղ» Պելկրատ-Փիւնիկ Երեւան

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 3 օգոստոսին բաւական կարեւոր եւ քիչ մը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք, երբ Սերպիոյ մէջ մրցի «Կարմիր աստղ» Պելկրատի դէմ: Երթի այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Կեդրոնի, կողմի եւ չորրորդ իրաւարարները պիտի ըլլան Փորթուգալէն: Երկու կազմերուն միջեւ դարձի...

Զաւէն Բադոյեան Իր Առաջին  Կոլը Նշանակեց Ղազախստանի Մէջ

Զաւէն Բադոյեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Ղազախստանի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Զաւէն Բադոյեան, որ մաս կը կազմէ ղազախական Աքժայիքին, յաջողեցաւ նշանակել իր առաջին կոլը, երբ Ղազախստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, անոր կազմը արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Քիզիլ Ժարիի դէմ: 58-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած Բադոյեան, մրցումին աւարտէն քանի մը վայրկեան առաջ նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը: 32 տարեկան Բադոյեան, որ նախապէս մաս կը կազմէր...

Էրիկ Վարդանեան Դարձեալ Ենթարկուեցաւ  Ծունկի Վիրաբուժութեան

Էրիկ Վարդանեան Դարձեալ Ենթարկուեցաւ Ծունկի Վիրաբուժութեան

Ուրարտուի միջնապահ Էրիկ Վարդանեան դարձեալ ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան, այս մաստին յայտնեց հայկական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ուրարտուի բժշկական կազմը յայտնեց, որ Վարդանեանի ամբողջական ապաքինման համար կը պահանջուի 3 ամիս: Նշենք, որ ան նախորդ տարեշրջանի աւարտէն առաջ իր ստացած վնասուածքին պատճառով դարձեալ ենթարկուած էր յաջող վիրաբուժութեան եւ այդ իսկ պատճառով բացակայած` իր կազմին կատարած տարեշրջանի վերջին քանի մը մրցումներէն:  

Մարմնամարզութիւն. Եւրոպայի  Ախոյեանութիւն.  Հրապարակուեցան Հայաստանի  Հաւաքականներուն Կազմերը

Մարմնամարզութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հրապարակուեցան Հայաստանի Հաւաքականներուն Կազմերը

15-21 օգոստոսին գերմանական Միւնիխ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը: Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց այն մարզիկներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հոն կատարուելիք մեծերու եւ երիտասարդական ախոյեանութեան: Մեծերու ախոյեանութեան պիտի մասնակցին Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան` իրենց մարզիչ ունենալով Հայկ Նազարեանը եւ Աշոտ Գասպարեանը: Իսկ երիտասարդներու ախոյեանութեան պիտի մասնակցին...

Աարոն Ռեմսի-Եուվենթուս  Պայմանագրի Խզում

Աարոն Ռեմսի-Եուվենթուս Պայմանագրի Խզում

Եուվենթուսի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը երկկողմանի համաձայնութեամբ մը պայմանագրութիւնը խզեց Աարոն Ռեմսիի հետ: Կողմերուն միջեւ համաձայնագիրը նախատեսուած էր մինչեւ 2023: Նշենք, որ ան յունուար 2022-ին փոխ տրուած էր սկովտիական Ռէյնճըրզին: 31 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 2019-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Եուվենթուսի հետ, 69 մրցումի ընթացքին նշանակեց 6 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ: Երէկ յստակացաւ, որ ֆութպոլիստը միացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա....

Սեսք Ֆապրեկաս Ունեցաւ Իր Նոր Ակումբը

Սեսք Ֆապրեկաս Ունեցաւ Իր Նոր Ակումբը

Մոնաքոյէն հեռացած սպանացի 35 տարեկան միջնապահ Սեսք Ֆապրեկաս, իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ, միացաւ իտալական Քոմօ ֆութպոլի ակումբին, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան: Սպանացի ֆութպոլիստը եւ իտալական ակումբը իրարու հետ կնքեցին երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, որ իր աւարտին կը հասնի 30 յունիս 2024-ին: Պարսելոնայէն բացի ան մաս կազմած է նաեւ Արսենալին եւ Չելսիին: Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի...

«Ֆորմիւլա-1».  Ֆերնանտօ Ալոնսօ Պիտի Փոխարինէ  Սեպասթիան Վեթելը

«Ֆորմիւլա-1». Ֆերնանտօ Ալոնսօ Պիտի Փոխարինէ Սեպասթիան Վեթելը

«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի կրկնակի ախոյեան Ֆերնանտօ Ալոնսօ յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ ելոյթ պիտի ունենայ Ասթոն Մարթին խումբին հետ, այս մասին յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը: Կողմերը իրարու հետ կնքեցին երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն մը, որուն մասրամասնութիւնները չհրապարակուեցան: Անգլիական խումբին հետ սպանացի վարորդը պիտի ըլլայ «Ֆորմիւլա-1»-ի քառակի ախոյեան, գերմանացի Սեպասթիան Վեթելը փոխարինողը: Վեթել յայտարարած էր, թէ այս տարեշրջանին աւարտին վերջ մը պիտի դնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին:...

Շումախըրի Ինքնաշարժը  Հանուեցաւ Աճուրդի

Շումախըրի Ինքնաշարժը Հանուեցաւ Աճուրդի

Միջազգային մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ «Ֆեռարի-ԷՖ.-300»-ը, որ գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի ինքնաշարժն էր 1998-ին, հանուած է աճուրդի: Եօթը անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Շումախըր այդ ինքնաշարժով չորս տարեշրջանի ընթացքին հանդիսացած էր ախոյեան: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, շատ հաւանական է, որ անոր այդ ինքնաշարժը ծախուի 5-6,5 միլիոն սթերլինկի: «Մոթոր Սփոր Մակազին» կը յայտնէ, որ Շումախըր այդ ինքնաշարժը 1999-ին ծախած էր: 18-20...

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի  Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց  Ազգային Խումբը Հանդիսացաւ Ախոյեան

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Ազգային Խումբը Հանդիսացաւ Ախոյեան

Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը իր կատարած վերջին մրցումին (աւարտական) 85-59 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սուրիոյ, հանդիսացաւ ախոյեան: Նախքան Սուրիոյ յաղթելը, Լիբանան յաղթած էր Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Իրաքի (Ա. հանգրուանի մրցումներուն), ապա` դարձեալ Պաղեստինի (կիսաւարտական) եւ Սուրիոյ (աւարտական): Հանդիսանալով Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան` այսպիսով Լիբանան իր մասնակցութիւնը պիտի...

Page 379 of 1280 1 … 378 379 380 … 1,280

Արխիւներ