Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերը Աւարտեցան Փակման Հանդիսաւոր Արարողութեամբ

Օգոստոս 1, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 29 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ, վարագոյրը իջաւ համա-ՀՄԸՄ-կան 11-րդ մարզախաղերուն վրայ, եւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ժամադրուեցաւ չորս տարի ետք դարձեալ հանդիպելու նոր մարզախաղերով եւ ախոյեաններով:

Փակման հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբի եւ դրօշակակիրներու համալիր մուտքով: Յաջորդեցին մարզախաղերու մասնակից 20 երկիրներու պատուիրակութիւնները` իրենց դրօշներով, նուաճած բաժակներով ու մետալներով:

Հնչեցին Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները: Ապա, օրուան հանդիսավար Մեղրի Սրապիոնեան հրաւիրեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանը` փոխանցելու փակման հանդիսութեան իր խօսքը:

Վաչէ Նաճարեան ըսաւ, որ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու աւարտական հաւաքի վերջին պահուն, բոլորս կը գիտակցինք, որ խաղերը խաղաղ ու հանդարտ պտոյտ մը չէին, այլ` յոգնեցուցիչ հեւքով ու ժրաջան աշխատանք պահանջող մարզական հանդիպումներ էին: Սակայն անոնք յատուկ էին, որովհետեւ անոնց մէջ մարզական եւ մանաւա՜նդ ՀՄԸՄ-ական ոգին էր տիրապետողը:

Իր խօսքը մարզախաղերու մասնակիցներուն ուղղելով` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է այս խաղերուն ստեղծած ոգին ու յիշատակները մասունքի նման տանիլ աշխարհի չորս կողմերը եւ ցանել ո՛չ միայն ՀՄԸՄ-ական շրջանակի մէջ, այլ ամէն տեղ, ուր հայկական ճրագ կայ` առիթը ընծայելով մեր հայրենակիցներուն ապրելու իբրեւ հայ, հայրենիքէն հեռու, բայց հայրենիքը պահելով իրենց սրտին մէջ»:

Վաչէ Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզախաղերուն յաջողութեան նպաստած ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի կառոյցին, բարեկամներուն, բարերարներուն, կամաւորներու հսկայ «բանակ»-ին, մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին յիշատակելի 10 օրեր պարգեւելու համար բոլորին: Ապա, Վաչէ Նաճարեան խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Մեր ժամադրութիւնը չորս տարի ետք` Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերուն: Շնորհաւորութի՛ւն եւ բարի վերադարձ բոլորին»:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցելու հրաւիրուեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական առաջին մարզախաղերուն մասնակից, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ մարզախաղերու լաւագոյն մարզիկ-մարզիկուհիներու յուշանուէրներու հովանաւոր Հրաչ Սիսեռեան: Ան ըսաւ, որ 31 տարի առաջ` 1991-ին, երբ իբրեւ մարզիկ համա-ՀՄԸՄ-ական առաջին մարզախաղերուն մասնակցած է, արտասանած է խօսք մը, զոր կը փափաքի կրկնել նաեւ այսօր: Սիրելի՛ մարզիկներ,- ըսաւ Հրաչ Սիսեռեան,- դուք կը պատկանիք միութեան մը, որ ձեզի կու տայ հաւատք` հանդէպ ձեր ժողովուրդին, հայրենիքին եւ հայապահպանման գործին: Այդ հաւատքը ՀՄԸՄ-ի մէջ կը վերածուի հաւատարմութեան, հաւատարմութիւն ՀՄԸՄ-ի, հաւատարմութիւն իրարու, հաւատարմութիւն այն նպատակներուն, որոնց ծառայելու կոչուած ենք բոլորս: Մաղթեմ, որ ձեր բաժակները կը լեցուին հաւատարմութեամբ, կը մնաք ՀՄԸՄ-ական, կը ծառայէք այս միութեան, որուն աշխատանքով այսօր բոլորդ համախմբուած էք հայրենիքի մէջ: ՀՄԸՄ-ը կը մնայ միշտ երիտասարդ եւ հաւատարիմ միութիւն, եզրափակեց Հրաչ Սիսեռեան:

Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու ձեռամբ կատարուեցաւ իւրաքանչիւր մարզախաղի ընդհանուր դասաւորման լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած պատուիրակութիւններու բաժակատուչութիւն: Յատուկ բաժակի արժանացաւ մարզախաղերու «Տիպար պատուիրակութիւնը»` ՀՄԸՄ Թիֆլիսը:

Մարզախաղերու լաւագոյն մարզիկի «Արմանտօ Թորգոմեան բաժակ»-ին տիրացաւ Կարէն Չարլասարեան Աւստրալիայէն, իսկ լաւագոյն մարզիչի բաժակին` Հերի Շիրիքճեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն:

Յայտնենք, որ լաւագոյն մարզիկի եւ մարզիկուհիի յուշանուէրները կրեցին նահատակ կամ վաստակաշատ հետեւեալ ՀՄԸՄ-ականներուն անունները. Մանուէլ Հալլաճեան (աղջկանց վոլիպոլ), Պատրիկ Կիւլպէնկեան (տղոց պասքեթպոլ), Գառնիկ Մկրտիչեան (ֆութպոլ), Հրաչ Տէր Սարգիսեան (աթլեթ), Գէորգ Հաճեան (տղոց ֆութսալ), Գրիգոր Ղազարեան (աղջկանց ֆութսալ), Էրիկ Գալստեան (աղջկանց վոլիպոլ), Արտակ Մարտիրոսեան (աղջկանց 3×3 պասքեթպոլ), Արմէն Առուստամեան (տղոց 3×3 պասքեթպոլ), Մոսիկ Սեքլեմեան (լող), Արտակ Իշխանեան (փինկ-փոնկ), Հայկ Դերիկլեան (ճատրակ), Յարութ Բանոյեան (թենիս) եւ Յակոբ Աստարճեան (ծովափի վոլիպոլ):

Մարզախաղերու Վերջին Օրուան Արդիւնքները

Մարզախաղերու փակման հանդիսութեան նախորդեցին ուրբաթ, 29 յուլիսին ամբողջ օրը երկարած ֆութպոլի, ֆութսալի, պասքեթպոլի եւ թենիսի կիսաւարտական ու աւարտական մրցումները, որոնց վերջնական արդիւնքները կը ներկայացնենք ստորեւ.

Ֆութպոլ

Աւարտական
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ – Աւստրալիա 3-1

3-4-րդ դիրքի մրցում
Երուսաղէմ – ՀՄԸՄ-Ֆրանս 6-1

Ընդհանուր դասաւորում

  1. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ
  2. Աւստրալիա
  3. Երուսաղէմ

Ֆութսալ Տղաք

Աւարտական
Հարաւային Ամերիկա – Լիբանան 6-0

3-4-րդ դիրքի մրցում
Սթոքհոլմ – Սուրիա 5-2

Ընդհանուր դասաւորում

  1. Հարաւային Ամերիկա
  2. Լիբանան
  3. Սթոքհոլմ

Ֆութսալ Աղջիկներ

Աւարտական
ՀԱՍԿ (3) – Քանատա 6-0

3-4-րդ դիրքի մրցում
Աւստրալիա – Հարաւային Ամերիկա 1-0

Ընդհանուր դասաւորում

  1. ՀԱՍԿ (3)
  2. Քանատա
  3. Աւստրալիա

Պասքեթպոլ Տղաք

Աւարտական
Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ 81-49

3-4-րդ դիրքի մրցում
ՀՄԱԿ – Աւստրալիա 44-25

Ընդհանուր դասաւորում

  1. Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ
  2. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ
  3. ՀՄԱԿ

Պասքեթպոլ Աղջիկներ

Աւարտական
Աւստրալիա (1) – Լիբանան 55-53

3-4-րդ դիրքի մրցում
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ – Աւստրալիա (2) 49-32

Ընդհանուր դասաւորում

  1. Աւստրալիա (1)
  2. Լիբանան
  3. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ

Թենիս

Տղաք
Արամ Քենտէրեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) – Սեւակ Մոմճեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) 6-2, 6-3
Արմէն Չաղարբէկեան (ՀՄԱԿ) – Արմէն Եղիայեան (Լիբանան) 6-0, 6-0

Աւարտական
Արմէն Չաղարբէկեան (ՀՄԱԿ) – Արամ Քենտէրեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) 6-0, 6-4

3-4-րդ դիրքի մրցում
Սեւակ Մոմճեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) – Արմէն Եղիայեան (Լիբանան) 6-1, 6-1

Ընդհանուր դասաւորում

  1. Արմէն Չաղարբէկեան (ՀՄԱԿ)
  2. Արամ Քենտէրեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
  3. Սեւակ Մոմճեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)

Աղջիկներ

Աւարտական
Վանեսա Չիֆճեան (Լիբանան) – Միքայելլա Կարսիա (Հարաւային Ամերիկա) 6-3, 6-4

3-4-րդ դիրքի մրցում
Շողեր Թովմասեան (Պաղտատ) – Նոյեմի Յարութիւնեան (Հարաւային Ամերիկա) 6-2, 2-6, 7-5

Ընդհանուր դասաւորում

  1. Վանեսա Չիֆճեան (Լիբանան)
  2. Միքայելլա Կարսիա (Հարաւային Ամերիկա)
  3. Շողեր Թովմասեան (Պաղտատ)

 

Նախորդը

Մանօ Շէկեանի Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?