Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ 18 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 94-70 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սուրիան:
Լիբանան իր կատարած առաջին մրցումին 101-65 արդիւնքով յաղթած էր Պաղեստինի:
Ա. հանգրուանի իր վերջին մրցումին, Լիբանան այսօր կը մրցի Իրաքի դէմ, ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն չորս խումբեր: