Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան` 75-73 Արդիւնքով Պարտուելով Աւստրալիայէն
Երէկ` կիրակի, 24 յուլիսին, Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ իր աւարտին հասաւ Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան երրորդ դիրքի եւ աւարտական հանգրուանի մրցումները: Նախանցեալ օր տեղի ունեցած կիսաւարտականի մրցումներուն, Աւստրալիա 85-76 արդիւնքով յաղթեց Նոր Զելանտային, մինչ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը իր յաղթանակը արձանագրեց Յորդանանի դէմ, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 86-85 արդիւնքով (կիսախաղ` 46-41, ի նպաստ Լիբանանի): Լիբանան, որ...




















