Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Արազ Օզպիլիս վերստին միացաւ Փիւնիկ Երեւանի, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Թէեւ Օզպիլիս 2019-էն ի վեր կը հանդիսանայ ակումբի ֆութպոլիստ, սակայն ընդհանրապէս փորձերուն չէր մասնակցեր` անձնական պատճառներով:
Ան արդէն իսկ նախորդ շաբաթավերջին վերսկսաւ իր փորձերուն` ընդհանուր խումբին հետ:
Օզպիլիս, որ 2012-էն սկսեալ մաս կը կազմէր Հայաստանի հաւաքականին, անոր հետ 41 միջազգային մրցումի ընթացքին նշանակած է 6 կոլ: