Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 31-րդ ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, յաղթանակներ արձանագրեցին Ալաշկերտ, Արարատ, Ուրարտու, Շիրակ եւ Վան:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 7 օգոստոսին նախատեսուած մրցումը` Արարատ-Արմենիայի եւ Փիւնիկ Երեւանի միջեւ, յետաձգուեցաւ, նկատի ունենալով, որ Փիւնիկ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Գ հանգրուանի մրցումներուն:
Բ. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 6-8 օգոստոսին: