Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին, Պայէրն Միւնիխ-Լայփցիկ մրցումը աւարտեցաւ երկրին գործող ախոյեան Պայէրնի յաղթանակով, որ 5-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:
Այսպիսով, Ժուլիան Նակելսմանի գլխաւորած կազմը իր պատմութեան մէջ 10-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ այս մրցաշարքի տիտղոսակիր:
Նշենք, որ մրցումին ութ կոլերն ալ նշանակուեցան ութ տարբեր մարզիկներու կողմէ: