28 յուլիսէն 10 օգոստոս Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի 44-րդ Օլիմփիատը:
Հայաստանի տղոց հաւաքականին մաս կը կազմեն Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան:
Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արման Փաշիկեան:
Իսկ աղջկանց հաւաքականին, Զաւէն Անդրէասեանի գլխաւորած կազմին մաս կը կազմեն Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան: