Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ աւարտած աշխարհի ըմբշամարտի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Արման Յարութիւնեան եւ Ռազմիկ Եփրեմեան նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի համար ապահովեցին պրոնզէ մետալներ:
45 քկ դասակարգին մէջ Արման Յարութիւնեան պարտութեան մատնեց իրանցի իր մրցակիցը` Ամիրմոհամետ Սալեհ Նաւազը, իսկ 71 քկ դասակարգին մէջ Ռազմիկ Եփրեմեան իր յաղթանակը արձանագրեց Ալիշեր Ժոլտասպայի դէմ (Ղազախստան):