Մարզական

Մեսսի Մանչեսթըր Սիթիի  Կրնայ Միանալ 2023-ին

Մեսսի Մանչեսթըր Սիթիի Կրնայ Միանալ 2023-ին

Անգլիական Մանչեսթըր Սիթին յառաջիկայ տարեշրջանին կրնայ ձեռք բերել Փարիզ Սեն Ժերմենի յարձակող Լիոնել Մեսսին: Արժանթինի մէջ լոյս տեսնող «Էլ Նասիոնալ» թերթին համաձայն, Մանչեսթըր Սիթիի պատասխանատուները կը փափաքին, որ 35-ամեայ արժանթինցին յարձակողական եռեակ մը կազմէ Էրլինկ Հաալանտի եւ Քեւին Տը Պրիւնէի հետ: Մեսսի ներկայիս կը դիտարկէ իր ասպարէզը շարունակելու երկու տարբերակ` երկարաձգել պայմանագրութիւնը Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ կամ վերադառնալ Պարսելոնա: Մեսսի...

Քարիմ Պենզեմա Վնասուածքի  Պատճառով  Պիտի Բացակայի Մոնտիալէն

Քարիմ Պենզեմա Վնասուածքի Պատճառով Պիտի Բացակայի Մոնտիալէն

Ռէալ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի ազգային խումբի յարձակող Քարիմ Պենզեմա վնասուածքի պատճառով պիտի բացակայի Մոնտիալէն: «Պենզեմա, ձախ ազդրի քառագլուխ մկաններէն վնասուածք ստանալով, պիտի բացակայի Մոնտիալէն: Բոլորս կը կիսենք Քարիմի վիշտը», նշուած է Ֆրանսայի հաւաքականին կողմէ լոյս ընծայուած հաղորդագրութեան մէջ: Ֆրանսայի ազգային խումբին առաջին մրցակիցը Մոնտիալ 2022-ի մրցաշարքին պիտի ըլլայ Աւստրալիան: Մրցումը պիտի կայանայ երեքշաբթի, 22 նոյեմբերին:

Մաքս Վերսթափեն Շահեցաւ Ապու Տապիի Կրան Փրին

Մաքս Վերսթափեն Շահեցաւ Ապու Տապիի Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա-1» ինքնաշարժներու 2022 տարեշրջանի աշխարհի ախոյեան, «Ռէտ Պուլ» խումբի հոլանտացի վարորդ Մաքս Վերսթափեն յաղթանակով փակեց «Ֆորմիւլա-1» ինքնաշարժներու ախոյեանութեան եղանակը, երբ շահեցաւ տարուան վերջին` Ապու Տապիի կրան փրին: «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լըքլերք երկրորդ հանդիսացաւ:

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն  Պատուեց Լիբանանի Պասքեթպոլի  Տղոց Ազգային Խումբը

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Պատուեց Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Ազգային Խումբը

Պաապտայի իր կեդրոնատեղիին մէջ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն յատուկ ձեռնարկով պատուեց Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը եւ անոր մարզական յանձնախումբը: Արդարեւ, վերջերս խումբին արձանագրած բացառիկ արդիւնքներուն լոյսին տակ անիկա յաջողեցաւ ապահովել աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր տոմսը: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, որ կը ներկայացնէր ֆետերասիոնին նախագահ Աքրամ Հալապին, (որ անհանգստութեան...

Քոսովօ-Հայաստան` 2-2

Քոսովօ-Հայաստան` 2-2

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ Քոսովոյի մայրաքաղաք Փրիսթինայի մէջ մրցեցաւ դաշտին տիրոջ դէմ, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Սոֆիայի բանակայիններու մաս կազմող 21 տարեկան յառաջապահ Ժիրայր Շաղոյեան 27-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, փոխանցում մը ստանալէ ետք դանիական Ռանտերսի մաս կազմող 27 տարեկան միջնապահ Էդգար Բաբայեանէն: Ան այս մրցումին նշանակեց իր առաջին...

Արսէն Զախարեան Պիտի Ստանայ  Հայաստանի Անձնագիր

Արսէն Զախարեան Պիտի Ստանայ Հայաստանի Անձնագիր

Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը մտադիր է իր կազմին միացնել Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Տինամօ Մոսկուայի 19 տարեկան միջնապահ Արսէն Զախարեանը: Գործընթացը արագացնելու համար ռուս ֆութպոլիստը յառաջիկայ դեկտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի ստանայ Հայաստանի անձնագիր, ինչ որ պիտի դիւրացնէ Անգլիոյ մէջ անոր աշխատանքի վիզա ստանալու հարցը: Լուրը յայտնեց ռուսական մարզական մամուլը: Եթէ կողմերը իրարու հետ համաձայնին, Չելսի Զախարեանի փոխանցման համար պիտի...

«Եւրօ-2028».  Երկու Երկիրներ Միատեղ Առաջադրեցին Իրենց Թեկնածութիւնը

«Եւրօ-2028». Երկու Երկիրներ Միատեղ Առաջադրեցին Իրենց Թեկնածութիւնը

Անգլիա եւ Իրլանտա միատեղ առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը`, հիւրընկալելու «ԵՒՐՕ-2028»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը: Այս գծով յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին համաձայն, մրցումները պիտի կատարուին հետեւեալ քաղաքներուն 14 մարզադաշտերուն վրայ. Պիրմինկհեմ, Լիվըրփուլ, Լոնտոն, Մանչեսթըր, Նիւքասըլ, Սանտըրլենտ, Տապլին, Պելֆասթ, Կլասքօ եւ Քարտիֆ: Նշուեցաւ, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին նախատեսուած խորհրդակցութիւններէն ետք նկատի պիտի առնուին միայն տասը մարզադաշտեր: Նշենք, որ «ԵՒՐՕ-2024»-ը տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ...

Արժանթին-Արաբական  Միացեալ Էմիրութիւններ` 5-0

Արժանթին-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` 5-0

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Արժանթին, որ Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մրցեցաւ դաշտին տիրոջ դէմ, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Եուվենթուսի միջնապահ Անխել Տի Մարիա տուպլէ մը կատարեց (25-րդ եւ 36-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Խուլիան Ալվարես (17-րդ), Փարիզ Սեն Ժերմէնի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի (44-րդ) եւ Ինթեր Միլանի միջնապահ Խոաքին Քորէա (60-րդ): Նշենք, որ...

Ժոզէ Մուրինիօ Երկու  Մրցումով Կախակայուեցաւ

Ժոզէ Մուրինիօ Երկու Մրցումով Կախակայուեցաւ

Ա. Էս. Ռոմայի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ երկու մրցումով կախակայուեցաւ: Լուրը հաղորդեց իտալական «Լա կազեթթա տելլօ սփոր»-ը: Թորինոյի դէմ (1-1) տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումին աւարտէն կարճ ատեն մը առաջ, ան` կոշտ արտայայտութիւններ ունենալով, դժգոհած էր իրաւարարին որոշումին դէմ: Ան իրաւարարէն ստացած էր կարմիր քարտ մը եւ մրցումը շարունակած` թրիպիւնէն: Այսպիսով ան պիտի բացակայի Իտալիոյ...

Փաուլօ Տիպալա Պիտի Հեռանայ  Ա. Էս. Ռոմայէն, Եթէ…

Փաուլօ Տիպալա Պիտի Հեռանայ Ա. Էս. Ռոմայէն, Եթէ…

Արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա շատ հաւանաբար յառաջիկայ ամառ հեռանայ Ա. Էս. Ռոմայէն, եթէ փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը չկարենայ ապահովել յառաջիկայ տարեշրջանին «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր տոմսը: Այս մասին յայտնեց «Մունտօ Տեփորթիւօ»: Այս պայմանը նշուած է Տիպալայի ստորագրած համաձայնագիրին մէջ: Եթէ անիկա իրականութիւն դառնայ, 29 տարեկան ֆութպոլիստին հրաժարագինը պիտի կազմէ 20 միլիոն եւրօ: Ներկայիս անոր կազմը իր մասնակցութիւնը կը բերէ...

Կերի Քահիլ Աւարտեց Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Կերի Քահիլ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Չելսիի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յետսապահ Կերի Քահիլ, աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 36 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ ամառ, Պուրնըմաութէն հեռանալէն ետք, որեւէ ակումբի մաս չէր կազմեր: Քահիլ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ դաշտ ներկայացած է 61 մրցումի, անոր հետ նշանակած է` 5 կոլ: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է նաեւ Ասթոն Վիլայի, Պըրնլիի, Շեֆիլտ...

Թենիս.  19 Տարեկան Ալքարաս Գերազանցեց  Ճոքովիչի Մրցանիշը

Թենիս. 19 Տարեկան Ալքարաս Գերազանցեց Ճոքովիչի Մրցանիշը

Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող 19 տարեկան սպանացի Քարլոս Ալքարաս գերազանցեց նախապէս աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող, 21 կրան-շլեմի տիտղոսներու տիրացած սերպ Նովաք Ճոքովիչի մրցանիշը, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին դասաւորման մէջ, տարեշրջանի մը ընթացքին բաւական վարի դիրքերէն առաջին դիրք բարձրանալու համար: Ալքարաս, որ տարեշրջանը սկսած էր 32-րդ դիրքին վրայ, Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան («ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»)...

Նովաք Ճոքովիչ Աւստրալիական  Վիզա Ստացաւ

Նովաք Ճոքովիչ Աւստրալիական Վիզա Ստացաւ

Սերպ անուանի թենիսմէն` Նովաք Ճոքովիչ, երէկ յայտնեց, որ ուրախացաւ երբ գիտցաւ, որ իրեն շնորհուած է աւստրալիական վիզա: Այսպիսով, ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ յունուար 2023-ին տեղի ունենալիք Աւստրալիոյ թենիսի կրան-շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին: Նշենք, որ ան այս տարի մեկնած էր Աւստրալիա` մասնակցելու այս մրցաշարքին: Սակայն, 5 յունուարին անոր արգիլած էին Աւստրալիա մուտք գործել` նկատի ունենալով, որ ան չէր կրցած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Արձանագրեց Տարեշրջանի  Իր Առաջին Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Յաղթանակը

Այսօր Կը Սկսին 6-րդ Հանգրուանի Մրցումները Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, ՀՄԸՄ- Պէյրութ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը: ՀՄԸՄ, որ իր կատարած նախորդ չորս մրցումներուն պարտութիւն կրած էր, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 85-82 արդիւնքով (23-20, 16-21, 23-27 եւ 23-14): ՀՄԸՄ-էն 31 կէտ նշանակեց Ճեսի...

Արթուր Դաւթեան 10 Միլիոն Դրամ  Պիտի Ստանայ Աշխարհի Ախոյեան  Հանդիսանալուն Համար

Արթուր Դաւթեան 10 Միլիոն Դրամ Պիտի Ստանայ Աշխարհի Ախոյեան Հանդիսանալուն Համար

Աշխարհի մարմնամարզութեան նորընծայ ախոյեան Արթուր Դաւթեան, որ Լիվըրփուլի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան հանդիսացաւ ախոյեան, Հայաստանի կառավարութենէն 10 միլիոն դրամ պիտի ստանայ, իսկ դեկտեմբերէն ետք, իւրաքանչիւր ամիս, աւելի քան մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար դրամ: Այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի եւ երիտասարդութեան-մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Սիսակ Գաբրիէլեան: Ներկայիս իւրաքանչիւր ամիս կառավարութենէն մէկ միլիոն...

Չորս Ֆութպոլիստներու Համար  2022-ի Մոնտիալը Պիտի Ըլլայ Հինգերորդը

Չորս Ֆութպոլիստներու Համար 2022-ի Մոնտիալը Պիտի Ըլլայ Հինգերորդը

Միջազգային մարզական մամուլը «ՖԻՖԱ»-ին կողմէ պաշտօնապէս 2022-ի Մոնտիալին մասնակցող խումբերու մարզիկներու անուններուն հրապարակումէն ետք յայտարարեց, որ չորս ֆութպոլիստներու համար Քաթար-2022-ը պիտի ըլլայ անոնց հինգերորդ Մոնտիալը: Հինգերորդ անգամ ըլլալով աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան պիտի մասնակցին Լիոնել Մեսսի, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, ինչպէս նաեւ մեքսիքացիներ Կիլերմօ Օչոա եւ Անտրես Կուարտատօ: Նշուեցաւ, որ ասիկա բացառիկ մրցանիշ է Մոնտիալներու պատմութեան մէջ: Նախապէս չորս Մոնտիալներու մասնակցած են` Անթոնիօ...

Էրիք Թեն Հակ Մանչեսթըր Եունայթըտի  Ղեկավարութենէն Պահանջեց Հեռացնել Ռոնալտոն

Էրիք Թեն Հակ Մանչեսթըր Եունայթըտի Ղեկավարութենէն Պահանջեց Հեռացնել Ռոնալտոն

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր մարզիչ նետերլանտցի Էրիք Թեն Հակ ակումբին ղեկավարութենէն պահանջեց խումբէն հեռացնել յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն, եթէ որեւէ խումբ փափաքի իր կազմին միացնել 37 տարեկան փորթուգալցին, երբ սկսին մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումները: Ինչպէս ծանօթ է, Ռոնալտօ իր տուած պատկերասփռուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած էր, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ դաւաճանած էր իրեն, եւ ինք չի յարգեր իր մարզիչը, ինչպէս որ ան չի յարգեր...

2022-ի Մոնտիալ.  Իրանի Նախագահը Ընդունեց Երկրին  Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

2022-ի Մոնտիալ. Իրանի Նախագահը Ընդունեց Երկրին Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի ընդունեց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը, նախքան անոր Քաթար մեկնումը, ուր 20 նոյեմբերին մեկնարկը կը տրուի 2022-ի Մոնտիալին: Այս հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ խումբի փորթուգալցի մարզիչ Քարլոս Քիերոս: Արտասահմանի մէջ հանդէս եկող ֆութպոլիստները չմասնակցեցան այս հանդիպումին` նկատի ունենալով, որ անոնք հաւաքականին պիտի միանան Տոհայի մէջ: Այս հանդիպումէն կարճ ատեն մը ետք, Քիերոս Փորթուգալի մէջ քննադատութեան արժանացաւ,...

2022-ի Մոնտիալ.  Ալֆրետօ Թալաւերա` Ամէնէն  Տարիքոտ Ֆութպոլիստը

2022-ի Մոնտիալ. Ալֆրետօ Թալաւերա` Ամէնէն Տարիքոտ Ֆութպոլիստը

ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, որ պաշտօնապէս իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 2022-ի Մոնտիալին մասնակցող բոլոր երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերուն մաս կազմող մարզիկներուն ցանկը: Այսուհետեւ խումբերը, որեւէ փոփոխութիւն չեն կրնար կատարել իրենց կազմերուն մէջ: Մրցաշարքին ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստն է Մեքսիքայի ազգային խումբի բերդապահը` Ալֆրետօ Թալաւերա, որ 40 տարեկան է: Ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստներուն հնգեակին մէջ են նաեւ փորթուգալցի յետսապահ Փեփէ (երրորդ) եւ պրազիլցի յետսապահ Տենի...

Աթլեթիքօ Մատրիտ Կը Դիտարկէ  Թոմաս Թուխելի Թեկնածութիւնը

Աթլեթիքօ Մատրիտ Կը Դիտարկէ Թոմաս Թուխելի Թեկնածութիւնը

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Աթլեթիքօ Մատրիտ ակումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին համար կը դիտարկէ լոնտոնեան Չելսիի նախկին մարզիչ, 49 տարեկան գերմանացի Թոմաս Թուխելի թեկնածութիւնը: Սպանական ակումբի ղեկավարութիւնը փոխարինող մը կը փնտռէ արժանթինցի Տիեկօ Սիմոնէին, որուն գլխաւորութեամբ մատրիտեան կազմը «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գրաւելով վերջին դիրքը, դուրս մնաց եւրոպական մրցաշարքերէն: Նշենք, որ նախորդ սեպտեմբերին Չելսիէն հեռանալէն ետք, Թուխել որեւէ խումբ չի մարզեր:...

Page 346 of 1280 1 … 345 346 347 … 1,280

Արխիւներ