Արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա շատ հաւանաբար յառաջիկայ ամառ հեռանայ Ա. Էս. Ռոմայէն, եթէ փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը չկարենայ ապահովել յառաջիկայ տարեշրջանին «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր տոմսը: Այս մասին յայտնեց «Մունտօ Տեփորթիւօ»:
Այս պայմանը նշուած է Տիպալայի ստորագրած համաձայնագիրին մէջ:
Եթէ անիկա իրականութիւն դառնայ, 29 տարեկան ֆութպոլիստին հրաժարագինը պիտի կազմէ 20 միլիոն եւրօ:
Ներկայիս անոր կազմը իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի փլէյ-օֆի մրցումներուն:
Այս տարի` յուլիսին, Եուվենթուսէն Ա. Էս. Ռոմա տեղափոխուած Տիպալա 12 մրցումի ընթացքին նշանակեց 7 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ:
Այժմ ան ապաքինման մէջ է իր ստացած վնասուածքէն: