 ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, որ պաշտօնապէս իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 2022-ի Մոնտիալին մասնակցող բոլոր երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերուն մաս կազմող մարզիկներուն ցանկը:
ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, որ պաշտօնապէս իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 2022-ի Մոնտիալին մասնակցող բոլոր երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերուն մաս կազմող մարզիկներուն ցանկը:
Այսուհետեւ խումբերը, որեւէ փոփոխութիւն չեն կրնար կատարել իրենց կազմերուն մէջ:
Մրցաշարքին ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստն է Մեքսիքայի ազգային խումբի բերդապահը` Ալֆրետօ Թալաւերա, որ 40 տարեկան է:
Ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստներուն հնգեակին մէջ են նաեւ փորթուգալցի յետսապահ Փեփէ (երրորդ) եւ պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվես (հինգերորդ), որոնք 39 տարեկան են:
39 տարեկան են նաեւ Աթիպա Հաչինսըն (Քանատա, երկրորդ) եւ Քաւասիմա (Ճափոն, չորրորդ):
 Նշենք, որ ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստին մրցանիշը կը պատկանի Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Իսամ Հատարիի, որ նախորդ Մոնտիալին մասնակցեցաւ 45 տարեկան հասակին:
Նշենք, որ ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստին մրցանիշը կը պատկանի Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Իսամ Հատարիի, որ նախորդ Մոնտիալին մասնակցեցաւ 45 տարեկան հասակին:
Նախքան այդ, մրցանիշը կը պատկանէր քոլոմպիացի բերդապահ Ֆարիտ Մոնտրակոնին (43 տարեկան):
 
			

