Մարզական

Փարիզ Սեն Ժերմեն Էմպափէին  Ցարդ Չէ Վճարած Սեպտեմբերի Աշխատավարձը

Փարիզ Սեն Ժերմեն Էմպափէին Ցարդ Չէ Վճարած Սեպտեմբերի Աշխատավարձը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, խումբին 23 ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէին ցարդ չէ վճարած  սեպտեմբեր ամսուան աշխատավարձը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» անուանի մարզական օրաթերթը: Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը մտադիր է հեռանալ ակումբէն, եթէ աշխատավարձի ուշացումները ըլլան պարբերական: Էմպափէ աւելի զայրացած կը թուի ըլլալ այն բանէն, որ արժանթինցի Լիոնել Մեսսի եւ պրազիլցի Նէյմար ցարդ այսպիսի խնդիրներ չեն ունեցած փարիզեան ակումբին...

Իրանցի Ալի Տայէ Մահուան  Դատապարտուեցաւ

Իրանցի Ալի Տայէ Մահուան Դատապարտուեցաւ

Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին անուանի յառաջապահ Ալի Տայէ մահուան դատապարտուեցաւ, այս մասին յայտնեց «Ռիփորթ»` իր լուրը քաղելով արտասահմանեան աղբիւրներէն: Ան նախորդ հոկտեմբերին ձերբակալուած էր Իրանի հակակառավարական ցոյցերուն մասնակցելուն համար: Իրանի ազգային հաւաքականին հետ ան նշանակած է միջազգային 109 կոլ: Նշուեցաւ նաեւ, որ Իրանի խորհրդարանը որոշած է մահապատիժի ենթարկել աւելի քան 15 հազար ձերբակալեալներ: Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերը սկսան նախորդ...

2022-ի Մոնտիալ.  Սատիօ Մանէ Պիտի Բացակայի  Առաջին Մրցումներէն

2022-ի Մոնտիալ. Սատիօ Մանէ Պիտի Բացակայի Առաջին Մրցումներէն

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի եւ Սենեկալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Սատիօ Մանէ պիտի բացակայի 20 նոյեմբերին Քաթարի մէջ սկսելիք 2022-ի Մոնտիալի առաջին մրցումներէն, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը` իր այս լուրը քաղելով Սենեկալի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն: Թէեւ 30 տարեկան ֆութպոլիստը ընդգրկուած է Սենեկալի հաւաքականի ցանկին մէջ, սակայն ցարդ չէ ապաքինած իր ստացած վնասուածքէն: Սենեկալ իր առաջին մրցումը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լիտըրզ Արձանագրեց Տարեշրջանի  Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լիտըրզ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Լիտըրզ, որ Լուէյզի Զուք Մոսպեհ վարժարանի մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց Շանվիլը, անոր դէմ արձանագրեց 63-49 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 15-2, 17-16, 14-15 եւ 17-16: Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Ալեքսանտր Փիքոք (18 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Քերվին Սմիթ (14 կէտ եւ 20...

Ճատրակ. Եւրոպայի 18 Տարեկանէն  Վար Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Ներկայացուցիչները  Չորս Մետալի Տիրացան Անթալիոյ Մէջ

Ճատրակ. Եւրոպայի 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ներկայացուցիչները Չորս Մետալի Տիրացան Անթալիոյ Մէջ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Մամիկոն Ղարիբեան, Անթալիոյ մէջ աւարտած Եւրոպայի Ճատրակի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր: 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրելով ազրպէյճանցի Խազար Պապազատայի հետ, ապահովեց 6,5 կէտ` առաւելագոյն 9 կէտէն: Տղոց տիտղոսակիր դարձաւ ռուսահայ Ռուդիկ Մակարեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով միանձնեայ գրաւեց առաջին դիրքը: Փոխախոյեան հանդիսացաւ ռուս Վոլոտար Մուրզին` 7...

Հենրիխ Մխիթարեան Մասնակցեցաւ «Խաղաղութեան  Մրցումին» Եւ Հանդիպեցաւ Հռոմի Պապին Հետ

Հենրիխ Մխիթարեան Մասնակցեցաւ «Խաղաղութեան Մրցումին» Եւ Հանդիպեցաւ Հռոմի Պապին Հետ

Իտալական Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Հռոմի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ անուանի ֆութպոլիստներու հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ աւանդութիւն դարձած «Խաղաղութեան մրցումին»: Մրցումին մասնակցողները, աւարտին արժանացան Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի ընդունելութեան: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Մխիթարեան, որ բոլոր ֆութպոլիստներուն նման հանդիպեցաւ պապին հետ, անոր տուաւ իր ստորագրութիւնը կրող իր մարզաշապիկը: Մարզաշապիկին վրայ շնորհակալութեան գրութիւն գրուած էր Հայաստանի եւ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն...

Կռփամարտ.  Հայաստան Տիրացաւ Երեք Տիտղոսի`  Մեքսիքայի Մէջ

Կռփամարտ. Հայաստան Տիրացաւ Երեք Տիտղոսի` Մեքսիքայի Մէջ

Հայաստանը ներկայացնող երեք կռփամարտիկներ Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցած «Տապըլիու. Պի. Սի.-60» համագումարէն ետք մենամարտեր կատարելով տիրացան երեք տիտղոսի: Ուքրանիա բնակող Արամ Ֆանեան ժամանակէն առաջ յաղթեց իր մրցակիցին, Վալերի Յովհաննիսեան իր մրցակիցին յաղթեց նաք աութով, իսկ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան 8 ռաունտնոց պայքարէ մը ետք, կէտերու մեծ տարբերութեամբ յաղթական հռչակուեցաւ: Նշենք, որ վերոնշեալ համագումարին ընթացքին Հայաստան պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ իբրեւ «Տապըլիու. Պի. Սի.» կազմակերպութեան...

Ըմբշամարտ.  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը  Տեղի Պիտի Ունենայ Պելկրատի Մէջ

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Պելկրատի Մէջ

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը («ԵՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ.») որոշում կայացուց 2023-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը կայացնել Պելկրատի մէջ, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Իր ունեցած համագումարին ընթացքին, Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը ռուսական Քրասնոյարսք քաղաքը զրկեց այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքէն` ռուսական զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով: Ինչպէս ծանօթ է, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն կը շարունակէ մարզական միջոցառումներ չկատարել Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մէջ: 2023-ի այս ախոյեանութիւնը իրենց...

Մեսսի Ապու Տապիի Մէջ Միացաւ Արժանթինի  Ֆութպոլի Ազգային Խումբին

Մեսսի Ապու Տապիի Մէջ Միացաւ Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի հասաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապի, ուր միացաւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին: Նախքան 2022-ի Մոնտիալին մեկնարկը տրուիլը, Արժանթին հոն պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբին հետ: Մեսսիի հետ Ապու Տապի ժամանեցին նաեւ Եուվենթուսի միջնապահներ Անխել Մի Մարիա եւ Լէանտրօ Փարետես: 1978-ին եւ 1986-ին աշխարհի ախոյեան...

Ռոնալտօ Քննադատեց  Իր Ակումբն Ու Գլխաւոր Մարզիչը

Ռոնալտօ Քննադատեց Իր Ակումբն Ու Գլխաւոր Մարզիչը

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր ունեցած պատկերասփռուած հարցազրոյցին ընթացքին խստօրէն քննադատեց իր ակումբն ու գլխաւոր մարզիչը` Էրիք Տեն Հաակը: 37 տարեկան ֆութպոլիստը նախապէս յայտարարած էր, որ իր ակումբը դաւաճանեց իրեն եւ ինք չի յարգեր իր մարզիչը: Ակումբին ղեկավարութիւնը յայտնեց, որ անոր դէմ սահմանելիք պատիժները կը ձգէ իր մարզիչին` Էրիք Տեն Հաակին: Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին ան իր...

Քամիլա Վալիեւային Կը Սպառնայ  Չորս Տարուան Որակազրկում

Քամիլա Վալիեւային Կը Սպառնայ Չորս Տարուան Որակազրկում

Միջազգային պատժական դատարանը, հիմնուելով Միջազգային խթանիչ դեղերու գործածութեան ընկերութեան տուեալներուն վրայ, շատ հաւանական է, որ չորս տարիով որակազրկէ ռուս գեղասահորդուհի Քամիլա Վալիեւան: Նշուեցաւ, որ 16 տարեկան Վալիեւա խախտած է խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ հաստատուած օրէնքը: Հետեւաբար, այս իրականութենէն մեկնելով, նախորդ 25 դեկտեմբերէն սկսեալ, անոր արձանագրած բոլոր արդիւնքները չեղեալ կը նկատուին եւ ան կը զրկուի Պէյճինկ-2022-ի ողիմպիական խաղերուն խմբային մրցումներուն իր...

Սքոլարի Աւարտեց Մարզիչի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Սքոլարի Աւարտեց Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Իր կատարած պաշտօնական յայտարարութեան ընթացքին, Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարի յայտնեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Սքոլարի, որ երկու առիթով եղած է Պրազիլի ազգային խումբի մարզիչ, 2002-ին իր կազմին հետ դարձաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ 2013-ին Պրազիլի հետ տիրացաւ Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին: 74 տարեկան Սքոլարիի մարզչական վերջին ակումբը հանդիսացաւ Աթլեթիքօ Փարանայենսէն,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Հուփս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը, այսօր` երեքշաբթի, 15 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Հուփսը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ արձանագրելու համար տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` իր կրած չորս պարտութիւններէն ետք: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել իրենց...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի  Ախոյեանութիւն.  Լիբանան 103-74 Արդիւնքով  Յաղթեց Հնդկաստանին

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանան 103-74 Արդիւնքով Յաղթեց Հնդկաստանին

Աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Քամիլ Շամունի անուան Մարզական աւանի, «Փիեռ» Ժեմայել»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանան-Հնդկաստան մրցումը: Անիկա վերջ գտաւ Լիբանանի կազմին տպաւորիչ յաղթանակով` 103-74 արդիւնքով: Նշենք, որ նախորդ մրցումին նման, Լիբանանի կազմէն բացակայեցան անոր շարք մը հիմնական մարզիկները:

60 Երկիրներէ 12 Հազար Երկսեռ Վազողներ  Իրենց Մասնակցութիւնը Բերին  Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնին

60 Երկիրներէ 12 Հազար Երկսեռ Վազողներ Իրենց Մասնակցութիւնը Բերին Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնին

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբին, կիրակի, 13 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը` մասնակցութեամբ արաբական եւ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէն 60 երկիրներէ ժամանած 12 հազար երկսեռ վազողներու: Պէյրութի ծովեզերեայ կեդրոնէն սկսած այս մարաթոնը, որ իբրեւ նշանաբան ունէր «Անա Պէյրութ» («Ես Պէյրութն եմ»), սկսաւ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, երբ կատարուեցան տարբեր դասակարգի վազքի մրցումները: Տղոց գլխաւոր մարաթոնին (42,195 քմ) առաջին դիրքը գրաւեց եթովպիացի Միթքօ...

Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանեկան  Ախոյեանութիւն.  Մարիամ Մկրտչեան Ապահովեց Նաեւ  Եւրոպայի Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Մարիամ Մկրտչեան Ապահովեց Նաեւ Եւրոպայի Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, 18 տարեկանէն վար աշխարհի գործող ախոյեան Մարիամ Մկրտչեան, որ մրցեցաւ իրլանտացի Թրիշա Քանիամարալայի դէմ, սեւ քարերով 62-րդ վայրկեանին յաղթանակ մը արձանագրելով ժամանակէն առաջ ապահովեց Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը: Հայաստանի գործող ախոյեանը, որ 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներու նախօրեակին ապահովեց 7,5 կէտ, անհասանելի դարձաւ իր մրցակիցներուն համար: Տղոց 18...

Ճատրակ. «Ֆոլ Չես Քլասիք».  Արամ Յակոբեան Գրաւեց 5-րդ Դիրքը

Ճատրակ. «Ֆոլ Չես Քլասիք». Արամ Յակոբեան Գրաւեց 5-րդ Դիրքը

Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքի ճատրակի ակումբին կողմէ կազմակերպուած «Ֆոլ Չես Քլասիք» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արամ Յակոբեան: Հայրենի կրանտմասթըրը առաւելագոյն 9 կէտէն 4,5 կէտ ապահովելով գրաւեց 5-րդ դիրքը: Ան կէս կէտով ետ մնաց չորրորդ դիրքը գրաւած ամերիկացի Հանս Նիմանէն: Տիտղոսակիր դարձաւ չինացի Եանջի Եուն (6,5 կէտ): Երկրորդ դիրքը 6 կէտով գրաւեց հնդիկ Կուճրաթի Վիտիթ,...

Դահուկարշաւ. Ֆինլանտայի Մրցաշարք.  Քաթիա Գալստեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալին,  Իսկ Միքայէլ Միքայէլեան` Պրոնզ Մետալին

Դահուկարշաւ. Ֆինլանտայի Մրցաշարք. Քաթիա Գալստեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալին, Իսկ Միքայէլ Միքայէլեան` Պրոնզ Մետալին

Հայաստանի դահուկարշաւի հաւաքականի յառաջատարներ Միքայէլ Միքայէլեան եւ Քաթիա Գալստեան նախորդ շաբաթավերջին տիրացան մետալներու: Ֆինլանտայի Վուոքաթթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած դահուկարշաւի միջազգային վարկանշային մրցաշարքին, աղջկանց 9 քմ ազատ ոճի մրցումներուն, Գալստեան ապահովելով 80,51 վարկանշային կէտ, տիրացաւ ոսկի մետալին: Ան այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ապահովեց իր ամէնէն բարձր կէտը: Իսկ տղոց 12 քմ ազատ ոճի մրցումներուն, Միքայէլեան ապահովելով 59,07 վարկանշային կէտ,...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային  Հաւաքականը Երէկ Մեկնեցաւ Քոսովօ

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Երէկ Մեկնեցաւ Քոսովօ

Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ Հայաստանի ազգային հաւաքականը կատարեց իր վերջին  նախապատրաստական հաւաքը, նախքան Քոսովոյի եւ Ալպանիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումները, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայրենի կազմը երէկ մեկնեցաւ Քոսովոյի մայրաքաղաք Փրիշթինա, ուր վաղը` չորեքշաբթի, 16 նոյեմբերին պիտի մրցի  դաշտին տիրոջ դէմ: Հոն հաւաքականին պիտի միանան Ժիրայր Շաղոյեան, Էտկար Բաբայեան, Վահան...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Ամրապնդեց Պարագլուխի  Իր Դիրքը` 5-0 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Օքսեռին

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը` 5-0 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Օքսեռին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով իր հիւրին` Օքսեռի դէմ: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ (11-րդ), սպանացի Քարլոս Սոլեր (51-րդ), մարոքցի Աշրաֆ Հաքիմի (57-րդ), փորթուգալցի Ռենաթօ Սանչեզ (81-րդ) եւ ֆրանսացի Ուկօ Էքիթիքէ (84-րդ): Մայրաքաղաքի կազմը, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է, իր...

Page 347 of 1280 1 … 346 347 348 … 1,280

Արխիւներ