Սերպ անուանի թենիսմէն` Նովաք Ճոքովիչ, երէկ յայտնեց, որ ուրախացաւ երբ գիտցաւ, որ իրեն շնորհուած է աւստրալիական վիզա:
Այսպիսով, ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ յունուար 2023-ին տեղի ունենալիք Աւստրալիոյ թենիսի կրան-շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին:
Նշենք, որ ան այս տարի մեկնած էր Աւստրալիա` մասնակցելու այս մրցաշարքին:
Սակայն, 5 յունուարին անոր արգիլած էին Աւստրալիա մուտք գործել` նկատի ունենալով, որ ան չէր կրցած «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուած ըլլալու համապատասխան փաստաթուղթ ապահովել:
Այդ ատեն ատիկա պարտադիր էր Աւստրալիա մուտք գործող օտարահպատակներուն համար:


