Պաապտայի իր կեդրոնատեղիին մէջ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն յատուկ ձեռնարկով պատուեց Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը եւ անոր մարզական յանձնախումբը: Արդարեւ, վերջերս խումբին արձանագրած բացառիկ արդիւնքներուն լոյսին տակ անիկա յաջողեցաւ ապահովել աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր տոմսը:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, որ կը ներկայացնէր ֆետերասիոնին նախագահ Աքրամ Հալապին, (որ անհանգստութեան պատճառով բացակայեցաւ), ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Ժալըխի եւ Ռըզքի արտասանած խօսքերէն ետք, որոնք մեծ դրուատիքով արտայայտուեցան արձանագրուած բացառիկ արդիւնքներուն համար, Լիբանանի ազգային խումբին մարզիկներուն եւ մարզիչներուն տրուեցան նիւթական պարգեւներ:թ:
Այժմ ան ապաքինման մէջ է իր ստացած վնասուածքէն:




