Անգլիական Մանչեսթըր Սիթին յառաջիկայ տարեշրջանին կրնայ ձեռք բերել Փարիզ Սեն Ժերմենի յարձակող Լիոնել Մեսսին:
Արժանթինի մէջ լոյս տեսնող «Էլ Նասիոնալ» թերթին համաձայն, Մանչեսթըր Սիթիի պատասխանատուները կը փափաքին, որ 35-ամեայ արժանթինցին յարձակողական եռեակ մը կազմէ Էրլինկ Հաալանտի եւ Քեւին Տը Պրիւնէի հետ:
Մեսսի ներկայիս կը դիտարկէ իր ասպարէզը շարունակելու երկու տարբերակ` երկարաձգել պայմանագրութիւնը Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ կամ վերադառնալ Պարսելոնա: Մեսսի մինչեւ դեկտեմբերի աւարտը պէտք է վճռէ իր յաջորդ քայլը:


