Այսօր Կը Սկսին 6-րդ Հանգրուանի Մրցումները
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, ՀՄԸՄ- Պէյրութ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը:
ՀՄԸՄ, որ իր կատարած նախորդ չորս մրցումներուն պարտութիւն կրած էր, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 85-82 արդիւնքով (23-20, 16-21, 23-27 եւ 23-14):
ՀՄԸՄ-էն 31 կէտ նշանակեց Ճեսի Ճոնզ (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ), անոր խմբակից Ճերըտ Տուայն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (29 կէտ, 17 ռիպաունտ), մինչ 8 կէտ նշանակեց Տանիել Պաղտատեան (խմբապետ):
Իսկ Հուփսէն 25 կէտ նշանակեց Ժուլիան Սքոթ Ուիլիամս:
Պէտք է ըսել, որ այս մրցումը եղաւ բաւական հետաքրքրական, որովհետեւ անոր ընթացքին ՀՄԸՄ իր համակիրներուն ներկայութեան իր ամէն կարելին ընելով արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը:
Այսօր` հինգշաբթի, 17 նոյեմբերին, կը սկսին 6-րդ հանգրուանի մրցումները:
Երեկոյեան ժամը 16:45-ին Պիպլոս կը հիւրընալէ Սաժեսը, իսկ երեկոյեան 19:30-ին Անդրանիկ Պէյրութ` Աթլասը:


