Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր մարզիչ նետերլանտցի Էրիք Թեն Հակ ակումբին ղեկավարութենէն պահանջեց խումբէն հեռացնել յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն, եթէ որեւէ խումբ փափաքի իր կազմին միացնել 37 տարեկան փորթուգալցին, երբ սկսին մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումները:
Ինչպէս ծանօթ է, Ռոնալտօ իր տուած պատկերասփռուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած էր, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ դաւաճանած էր իրեն, եւ ինք չի յարգեր իր մարզիչը, ինչպէս որ ան չի յարգեր իրեն:
Հակառակ անոր որ Ռոնալտօ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մանչեսթըրեան ակումբին հետ, սակայն կը կարծուի, որ յառաջիկայ յունուարին ակումբը պիտի հեռացնէ փորթուգալցին: