«Ֆորմիւլա-1» ինքնաշարժներու 2022 տարեշրջանի աշխարհի ախոյեան, «Ռէտ Պուլ» խումբի հոլանտացի վարորդ Մաքս Վերսթափեն յաղթանակով փակեց «Ֆորմիւլա-1» ինքնաշարժներու ախոյեանութեան եղանակը, երբ շահեցաւ տարուան վերջին` Ապու Տապիի կրան փրին:
«Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լըքլերք երկրորդ հանդիսացաւ: