Ա. Էս. Ռոմայի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ երկու մրցումով կախակայուեցաւ: Լուրը հաղորդեց իտալական «Լա կազեթթա տելլօ սփոր»-ը:
Թորինոյի դէմ (1-1) տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումին աւարտէն կարճ ատեն մը առաջ, ան` կոշտ արտայայտութիւններ ունենալով, դժգոհած էր իրաւարարին որոշումին դէմ:
Ան իրաւարարէն ստացած էր կարմիր քարտ մը եւ մրցումը շարունակած` թրիպիւնէն:
Այսպիսով ան պիտի բացակայի Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեալիք երկու մրցումէ. առաջինը` Պոլոնիայի (4 յունուար 2023), իսկ երկրորդը` Ա. Սէ. Միլանի (8 յունուար) մրցումներէն:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ա. Էս. Ռոմա 27 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը:


