Ռէալ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի ազգային խումբի յարձակող Քարիմ Պենզեմա վնասուածքի պատճառով պիտի բացակայի Մոնտիալէն: «Պենզեմա, ձախ ազդրի քառագլուխ մկաններէն վնասուածք ստանալով, պիտի բացակայի Մոնտիալէն: Բոլորս կը կիսենք Քարիմի վիշտը», նշուած է Ֆրանսայի հաւաքականին կողմէ լոյս ընծայուած հաղորդագրութեան մէջ:
Ֆրանսայի ազգային խումբին առաջին մրցակիցը Մոնտիալ 2022-ի մրցաշարքին պիտի ըլլայ Աւստրալիան: Մրցումը պիտի կայանայ երեքշաբթի, 22 նոյեմբերին: