 Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի ընդունեց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը, նախքան անոր Քաթար մեկնումը, ուր 20 նոյեմբերին մեկնարկը կը տրուի 2022-ի Մոնտիալին:
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի ընդունեց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը, նախքան անոր Քաթար մեկնումը, ուր 20 նոյեմբերին մեկնարկը կը տրուի 2022-ի Մոնտիալին:
Այս հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ խումբի փորթուգալցի մարզիչ Քարլոս Քիերոս:
Արտասահմանի մէջ հանդէս եկող ֆութպոլիստները չմասնակցեցան այս հանդիպումին` նկատի ունենալով, որ անոնք հաւաքականին պիտի միանան Տոհայի մէջ:
Այս հանդիպումէն կարճ ատեն մը ետք, Քիերոս Փորթուգալի մէջ քննադատութեան արժանացաւ, որովհետեւ իր ընդդիմախօսները հանդիպումին իր մասնակցութիւնը նկատեցին Իրանի կառավարութեան քաղաքականութեան աջակցութիւն յայտնելու ժեսթ մը, այս մասին յայտնեց փորթուգալեան մարզական մամուլը:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալին Իրանի մրցակիցները պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա եւ Կալես:
 
			

