Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Աթլեթիքօ Մատրիտ ակումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին համար կը դիտարկէ լոնտոնեան Չելսիի նախկին մարզիչ, 49 տարեկան գերմանացի Թոմաս Թուխելի թեկնածութիւնը:
Սպանական ակումբի ղեկավարութիւնը փոխարինող մը կը փնտռէ արժանթինցի Տիեկօ Սիմոնէին, որուն գլխաւորութեամբ մատրիտեան կազմը «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գրաւելով վերջին դիրքը, դուրս մնաց եւրոպական մրցաշարքերէն:
Նշենք, որ նախորդ սեպտեմբերին Չելսիէն հեռանալէն ետք, Թուխել որեւէ խումբ չի մարզեր:
Ան անցեալին եղած է շարք մը ակումբներու մարզիչ, որոնց կարգին` Պորուսիա Տորթմունտ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն:


