Անգլիա եւ Իրլանտա միատեղ առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը`, հիւրընկալելու «ԵՒՐՕ-2028»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը: Այս գծով յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին համաձայն, մրցումները պիտի կատարուին հետեւեալ քաղաքներուն 14 մարզադաշտերուն վրայ. Պիրմինկհեմ, Լիվըրփուլ, Լոնտոն, Մանչեսթըր, Նիւքասըլ, Սանտըրլենտ, Տապլին, Պելֆասթ, Կլասքօ եւ Քարտիֆ:
Նշուեցաւ, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին նախատեսուած խորհրդակցութիւններէն ետք նկատի պիտի առնուին միայն տասը մարզադաշտեր:
Նշենք, որ «ԵՒՐՕ-2024»-ը տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ մէջ:


