Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող 19 տարեկան սպանացի Քարլոս Ալքարաս գերազանցեց նախապէս աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող, 21 կրան-շլեմի տիտղոսներու տիրացած սերպ Նովաք Ճոքովիչի մրցանիշը, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին դասաւորման մէջ, տարեշրջանի մը ընթացքին բաւական վարի դիրքերէն առաջին դիրք բարձրանալու համար:
Ալքարաս, որ տարեշրջանը սկսած էր 32-րդ դիրքին վրայ, Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան («ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ») տիտղոսին տիրանալէն ետք, դարձած էր աշխարհի ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ գրաւած էր առաջին դիրքը:
Ասոր զուգահեռ, ան այս տարին պարագլուխի դիրքին վրայ աւարտող ամէնէն երիտասարդ մարզիկը պիտի ըլլայ թենիսի պատմութեան մէջ:
Նշենք, որ 2017-ին
Ճոքովիչ 12-րդ դիրքէն բարձրացած էր առաջին դիրքին, իսկ 2002-ին Էնտի Ռոտիք (Միացեալ Նահանգներ)` 10-րդ դիրքէն:


