Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ Քոսովոյի մայրաքաղաք Փրիսթինայի մէջ մրցեցաւ դաշտին տիրոջ դէմ, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Սոֆիայի բանակայիններու մաս կազմող 21 տարեկան յառաջապահ Ժիրայր Շաղոյեան 27-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, փոխանցում մը ստանալէ ետք դանիական Ռանտերսի մաս կազմող 27 տարեկան միջնապահ Էդգար Բաբայեանէն:
Ան այս մրցումին նշանակեց իր առաջին կոլը` Հայաստանի հետ:
Հայրենի կազմը, թէեւ 67-րդ վայրկեանին իր բերդէն ներս ստացաւ կոլ մը, սակայն 82-րդ վայրկեանին ղազախական Ասթանայի մաս կազմող 30 տարեկան յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան նշանակեց Հայաստանի երկրորդ կոլը:
Կը կարծուէր, թէ Հայաստան այս ճակատումէն յաղթական դուրս պիտի գայ, սակայն մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ) Քոսովօ նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
Նշենք, որ շաբաթ, 19 նոյեմբերին, Հայաստան կը կատարէ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական այլ մրցում, այս անգամ Թիրանայի մէջ` մրցելով Ալպանիոյ դէմ:


