Մարզական

Ֆութպոլ. Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պիտի Մրցի Սաատ Սաֆա Պարուքի Դէմ

Ֆութպոլ. Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պիտի Մրցի Սաատ Սաֆա Պարուքի Դէմ

Շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:15-ին, Պհամտունի դաշտին վրայ, Լեռնալիբանանի 4-րդ դասակարգի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Սաատ Սաֆա Պարուքի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիչն է Յակոբ Կիւլիւմեան:  

Մոնտիալ  2022

Մոնտիալ 2022

Դ. Խմբակէն Ֆրանսա Եւ  Աւստրալիա  Անցան Փլէյ Օֆի Փուլ  Աւստրալիա - Դանիա  1-0 Մրցումը տեղի ունեցաւ «Ժունուպ» մարզադաշտին մէջ, 41.232 մարզասէրներու ներկայութեան: Առաջին կիսախաղը 0-0  հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, մրցումի 60-րդ վայրկեանին Մեթիու Լեքի յառաջ  մղեց Աւստրալիան: Հաշիւը  մնաց անփոփոխ, եւ Աւստրալիա հասաւ փլէյ օֆի փուլ: Ֆրանսա - Թունուզ  0-1 Մրցումը տեղի ունեցաւ «էճուքէյշըն» մարզադաշտին մէջ,  43.627 մարզասէրներու ներկայութեան: Առաջին կիսախաղը...

Հայաստան – Կիպրոս Ֆութպոլի  Բարեկամական Հանդիպում

Հայաստան – Կիպրոս Ֆութպոլի Բարեկամական Հանդիպում

Հայաստանի եւ Կիպրոսի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն միջեւ գոյացած  համաձայնութեան մը լոյսին տակ, զոյգ  երկիրներու ազգային խումբերը ֆութպոլի  միջազգային  բարեկամական մրցում մը պիտի կատարեն 28 մարտին, Վազգէն Սարգսեանի  անուան «Հանրապետական» մարզադաշտին մէջ: Նշենք, որ Հայաստանի ազգային խումբը գլխաւոր մարզիչ չունի ներկայիս: Մարզիչի  պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս կը կատարէ Ռոման Բերեզովսքի:

Հայաստանի Ուժային Եռամարտիկները  16  Ոսկիէ Մետալ Նուաճեցին Աշխարհի  Բաժակի Մրցումներուն

Հայաստանի Ուժային Եռամարտիկները 16 Ոսկիէ Մետալ Նուաճեցին Աշխարհի Բաժակի Մրցումներուն

Հայաստանի ուժային եռամարտի  հաւաքականը Լեհաստանի Շետլեց քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ XPC վարկածով աշխարհի   բաժակի մրցումներուն եւ նուաճեց 16  ոսկիէ մետալ: Մեծահասակներուն մէջ, Արա Խաչատրեան (90 քկ) համաշխարհային մրցանիշ մը հաստատեց եւ դարձաւ բաժակի մրցաշարքի բացարձակ  յաղթող: Պատանիներուն մէջ, Աշոտ Պետրոսեան (90 քկ) նոյնպէս դարձաւ բացարձակ յաղթող: Կիներու մրցումներուն Ժաննա Շահնազարեան  դարձաւ աշխարհի քառեակի ախոյեան: Աշխարհի բաժակի մրցումներուն մասնակցեցան 15 երկիրներու 600...

Մոնտիալ 2022

Մոնտիալ 2022

Հոլանտա Եւ  Սենեկալ Անցան Փլէյ Օֆի Փուլ Մոնտիալ  2022-ի Ա. խմբակի երրորդ փուլի մրցումներուն, Հոլանտա 2-0 արդիւնքով   պարտութեան մատնեց Քաթարը եւ ապահովեց  Փլէյ օֆի փուլի ուղեգիրը  (կիսախաղ` 1-0):  Քոտի Քափքօ եւ Ֆրենքիտը Եոնկ   նշանակեցին Հոլանտայի կոլերը: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Պայթ» մարզադաշտին մէջ, 66.784 մարզասէրներու ներկայութեան: Իր կարգին, Սենեկալ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էքուատորը եւ  ապահովեց  ուղեգիրը: Ատորեւ, Ա. խմբակի ընդհանուր ...

Անգլիոյ  Բաժակի Երրորդ  Փուլի Մրցումներուն` Չելսի Ընդդէմ  Մանչեսթըր Սիթի

Անգլիոյ Բաժակի Երրորդ Փուլի Մրցումներուն` Չելսի Ընդդէմ Մանչեսթըր Սիթի

Անգլիոյ բաժակի երրորդ  փուլի մրցումներուն Չելսի պիտի ընդունի Մանչեսթըր Սիթին: Ստորեւ` մրցումներուն  յայտագիրը. Չելսի -  Մանչեսթըր Սիթի Լիվըրփուլ - Վուլվզ Մանչեսթըր Եունայթըտ - Էվերթըն Ուեսթ Համ Եունայթըտ - Պրենթֆորտ Օքսֆորտ Եունայթըտ - Արսենալ Շեֆիլտ Ուենզտէյ  - Նիուքասըլ Եունայթըտ Թոթենհամ - Փորթսմաութ Միլզպորօ -  Պրայթըն Քարտիֆ  Սիթի - Լիծ Եունայթըտ Պորնմաութ - Պըրնլի Նոթինկհամ  Ֆորեսթ - Պլեքփուլ Ֆուլամ - Հոլ Սիթի...

Հայաստանի Պատանի Սուսերամարտիկները  2 Ոսկի Եւ 3 Պրոնզ Մետալ Շահեցան

Հայաստանի Պատանի Սուսերամարտիկները 2 Ոսկի Եւ 3 Պրոնզ Մետալ Շահեցան

Օրերս Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի կ՛ունենան սուսերամարտի պատանիներու  միջազգային մրցաշարներ, ինչպէս նաեւ 14  տարեկանէն փոքրերու Եւրոպայի ախոյեանութիւն: Հայաստանի հաւաքականը մասնակցեցաւ զոյգ մրցաշարքերուն: Արսէն  Դադայեան շահեցաւ  ոսկի  մետալ: Գագիկ Մորիկեան եւ Սերկէյ Սեթոյեան` պրոնզ: 14 տարեկանէն փոքրերու մրցաշարքին Յակոբ Մանուկեան նուաճեց ոսկի մետալ,  Նայիրի  Ձալիբէկեան` պրոնզ:

Մոնտիալ 2022

Մոնտիալ 2022

Քամերուն Եւ Սերպիա Հաւասարութեամբ Հեռացան Դաշտէն   Ֆութպոլի աշխարհի ախոյանութեան Է. խմբակի   հանդիպումներուն ծիրին մէջ, Քամերուն եւ Սերպիա 3-3  արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին «Ժանուպ» մարզադաշտին մէջ, 39.799  մարզասէրներու ներկայութեան  (կիսախաղ` 1-2, յօգուտ  Սերպիոյ): Ղանա - Հարաւային Քորէա 3 -2 Ը. խմբակին մէջ, Ղանայի հաւաքականը 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հարաւային Քորէան (կիսախաղ` 2- 0): Ներկայիս Փորթուգալ եւ Ղանա 3 կէտով կը...

Էրիք Իսրայէլեան Բռնցքամարտի Աշխարհի Ախոյեան

Էրիք Իսրայէլեան Բռնցքամարտի Աշխարհի Ախոյեան

Սպանիոյ Լա Նուսիա քաղաքին մէջ կայացան բռնցքամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումները: Հայաստանի ներկայացուցիչ, Եւրոպայի այժմու ախոյեան Էրիք Իսրայէլեան 60 քկ ծանրութեան կարգի մրցումներուն հասաւ աւարտականին,  պարտութեան մատնեց Վրաստանը ներկայացնող իր մրցակիցը եւ շահեցաւ ախոյանութեան տիտղոսը:

Մոնտիալ 2022. Անակնկալներու Մոնտիալը

Մոնտիալ 2022. Անակնկալներու Մոնտիալը

Մարոք Պատմական Յաղթանակ Մը Տարաւ Պելճիքայի Դէմ Մոնտիալ 2022-ի ցարդ արձանագրուած արդիւնքներէն դատելով` բազմաթիւ անակնկալներ պիտի դրոշմուին  ֆութպոլասէրներու յիշողութիւններուն մէջ: Զ. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն գծով,  աշխարհի բաժակի տիտղոսի յաւակնորդ Պելճիքայի հաւաքականը 2-0 արդիւնքով   պատմական պարտութիւն մը կրեց Մարոքէն (կիսախաղ` 0-0): Մրցումը տեղի ունեցաւ «Թումամա» մարզադաշտին մէջ, 43.738  մարզասէրներու ներկայութեան: Սապրի` 73-րդ   եւ Ապուխլալ  92-րդ վայրկեաններուն  նշանակեցին մարոքցիներուն կոլերը: Երկուքական...

Մոնտիալ 2022

Մոնտիալ 2022

Իրան 2-0 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնեց  Կալեսը Երէկ` ուրբաթ, 25 նոյեմբերին, Մոնտիալ 2022-ի Բ. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն, Կալեսի հաւաքականը «Ահմետ Պըն Ալի» մարզադաշտին մէջ 0-2 արդիւնքով խոնարհեցաւ Իրանի առջեւ: Առաջին կիսախաղը հաւասարութեամբ աւարտեցաւ: Մրցումի աւարտին չորս վայրկեան մնացած, Կալեսի բերդապահ Հենեսին աններելի սխալ մը թոյլ տալով, կարմիր տոմս ստացաւ եւ հեռացաւ դաշտէն: Իրան քանակական առաւելութիւնը կոլի վերածեց եւ յաւելեալ վայրկեաններուն...

Մոնտիալ 2022. Դիտարժան Հանդիպումներ, Յիշարժան Փաստեր

Մոնտիալ 2022. Դիտարժան Հանդիպումներ, Յիշարժան Փաստեր

Մոնտիալ 2022-ը կ՛ընթանայ դիտարժան   հանդիպումներով եւ յիշարժան փաստերով: Մարզասէրներուն համար երկար ժամանակ անհասկնալի պիտի մնայ  Սէուտական Արաբիոյ առջեւ Արժանթինի պարտութիւնը: Նոյնքան եւ անակնկալ էր Գերմանիոյ պարտութիւնը  Ճափոնէն: Յիշարժան իրադարձութիւններէն կարելի  է յիշատակել Աւստրալիոյ դէմ երկու կոլի  հեղինակ Ֆրանսայի հաւաքականի  յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրուի խաղարկութիւնը:  Վերջինս հաւաքականի շապիկով նշանակած իր կոլերուն թիւը բարձրացուց 51-ի: Այդ  ցուցանիշով ան հաւասարեցաւ Ֆրանսայի հաւաքականի բոլոր ժամանակներու...

Քաթարի Մէջ Մեկնարկեց Ֆութպոլի  Աշխարհի 22-րդ Ախոյեանութիւնը

Մոնտիալ 2022. Մրցումներուն Մանրամասնութիւնները

Խրուաթիա - Մարոք 0 - 0 Երեքշաբթի օր, Խոր քաղաքի «Պայթ»  մարզադաշտին մէջ Խրուաթիա-Մարոք  հանդիպումով մեկնարկեցին Մոնտիալ 2022- ի Ե. խմբակի մրցումները: Խրուաթիա տիրապետեց մրցումի ընթացքին:  Մարոքցիները գրեթէ անթերի պաշտպանուելով, հակայարձակողականի վրայ դրած էին իրենց յոյսը:  Մրցումը աւարտեցաւ 0 - 0 հաւասարութեամբ: Գերմանիա - Ճափոն 1 - 2 Դարձեալ Ե. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ,  «Խալիֆա» միջազգային մարզադաշտին մէջ, Գերմանիոյ ազգային...

Ռոնալտօ Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Բաժանում

Ռոնալտօ Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Բաժանում

Փորթուգալի ազգային խումբի յարձակող Քրիսթիանօ Ռոնալտօ փոխադարձ  համաձայնութեամբ, պայմանագիրի ժամկէտէն շուտ  լքեց Մանչեսթըր Եունայթըտը: Անգլիական ակումբին կողմէ լոյս տեսած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուէր. «Ակումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ռոնալտոյին` «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ բոլորած երկու  ժամանակաշրջաններուն ընթացքին ունեցած  ներդրումին համար, որուն ընթացքին կատարած  346 մրցումներուն ընթացքին նշանակած է 145 կոլ»:

Չելսի Երկարաժամկէտ Պայմանագրութիւն Մը Կնքած Է Արսէն Զախարեանի Հետ

Չելսի Երկարաժամկէտ Պայմանագրութիւն Մը Կնքած Է Արսէն Զախարեանի Հետ

Ըստ ֆութպոլային դիտակ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի,   Լոնտոնի Չելսին  երկարաժամկէտ  պայմանագրութիւն մը համաձայնած է կնքել Տինամօ Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ հաւաքականի  կիսապաշտպան Արսէն Զախարեանի հետ: Ռոմանօ կ՛աւելցնէ, թէ Չելսի կը շարունակէ լրումին հասցնել բանակցութիւնները, որպէսզի Զախարեան յառաջիկայ տարեշրջանին կրէ լոնտոնեան ակումբին կապոյտ շապիկը:

Մոնտիալ 2022.  Անգլիա 6-2 Արդիւնքով Տպաւորիչ  Յաղթանակ Մը Տարաւ Իրանի Դէմ

Մոնտիալ 2022. Անգլիա 6-2 Արդիւնքով Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը Տարաւ Իրանի Դէմ

Ճուտ Պելինկթըն կը նշանակէ Անգլիոյ առաջին կոլը Մոնտիալ 2022-ի երկրորդ օրուան մրցումներուն, Բ. խմբակին մէջ, պրազիլցի իրաւարար Ռաֆայէլ Քլաուս տուաւ Անգլիա - Իրան հանդիպումին ազդանշանը: Անգլիոյ մարզիկները ցնծութեան մէջ Անգլիոյ հաւաքականը 45334 մարզասէրներու ներկայութեան 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրանը (կիսախաղ` 3-0): Մրցումը տեղի ունեցաւ «Խալիֆա» միջազգային մարզադաշտին մէջ: Պելինկհամ, Սաքա (2), Քէյն, Սթերլինկ, Ռաշֆորտ, Կրիլիշ նշանակեցին «Երեք առիւծ»-ներուն կոլերը, Թարեմի`...

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ.  «Գիտեմ Ե՛րբ Պիտի Խօսիմ»

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ. «Գիտեմ Ե՛րբ Պիտի Խօսիմ»

Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Փորթուգալի ազգային խումբի յարձակող Քրիսթիանօ Ռոնալտօ անակնկալ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ Քաթարի մէջ` անդրադառնալով անգլիական ակումբին ղեկավարութեան հետ ծագած վէճին: Ռոնալտօ ըսաւ, թէ գիտէ ե՛րբ պիտի խօսի իր հասցէին վերագրուող ամբաստանութիւններուն մասին: 37-ամեայ աստղը կրկնեց, որ «Կարմիր սատանաներ»-ու ղեկավարութիւնը դաւաճանութիւն գործած էր իր անձին դէմ` աւելցնելով, թէ ոչ մէկ յարգանք ունէր մարզիչ Էրիք Սեն Հաակի նկատմամբ: Ռոնալտօ...

Ռէյնճըրզ Պաշտօնէն  Հեռացուց Վան Պրոքհորսթը

Ռէյնճըրզ Պաշտօնէն Հեռացուց Վան Պրոքհորսթը

Սկովտիական Ռէյնճըրզ ակումբի ղեկավարութիւնը պաշտօնէն հեռացուց խումբին գլխաւոր մարզիչ Ճիովանի Վան Պրոքհորսթը: Հոլանտացի Պրոքհըրսթ անցեալ նոյեմբերին ստանձնած էր սկովտիական ակումբին մարզիչի պարտականութիւնը` փոխարինելով Սթիվըն Ճերարտը: Այդ կարճ ժամանակամիջոցին Ռէյնճըրզ շահեցաւ Սկովտիոյ բաժակը եւ հասաւ «Եուրոփա Լիկ»-ի աւարտականին: Ակումբին ղեկավարութիւնը աւելի փայլուն արդիւնքներ կ՛ակնկալէր Վան Պրոքհորսթէն: Ընթացիկ տարուան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի եւ Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ Ռէյնճըրզի ոչ գոհացուցիչ արդիւնքները պատճառ դարձան,...

Քաթարի Մէջ Մեկնարկեց Ֆութպոլի  Աշխարհի 22-րդ Ախոյեանութիւնը

Քաթարի Մէջ Մեկնարկեց Ֆութպոլի Աշխարհի 22-րդ Ախոյեանութիւնը

ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինի, աշխարհի տարբեր ափերէ պաշտօնական հիւրերու ներկայութեան, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ մեկնարկը յայտարարեց ֆութպոլի աշխարհի 22-րդ ախոյեանութեան (ՖԻՖԱ Ուորլտ Քափ 2022): Աշխարհի ախոյեանութիւնը իւրայատուկ է այն իմաստով, որ կը կայանայ ձմրան եղանակին, առաջին անգամ ըլլալով Միջին Արեւելքի եւ արաբական երկրի մը մէջ: Բացման պաշտօնական արարողութեան յաջորդեց բացման առաջին հանդիպումը` Քաթարի եւ Էքուատորի միջեւ: Մոնտիալ 2022-ը վերջինն է,...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Դատական Հայց  Պիտի Բարձրացնէ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Դէմ

Մանչեսթըր Եունայթըտ Դատական Հայց Պիտի Բարձրացնէ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Դէմ

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը դատական հայց պիտի բարձրացնէ փորթուգալցի յարձակող Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի դէմ: Վերջինս հարցազրոյցի մը մէջ քննադատած էր ակումբի ղեկավարութիւնը` աւելցնելով նաեւ, որ չէր յարգեր խումբի գլխաւոր մարզիչ Էրիք Տեն Հաակը: Ակումբին կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Մանչեսթըր Եունայթըտ համապատասխան քայլերու ձեռնարկած է` կապուած Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի վերջին հարցազրոյցին հետ: Ակումբը ոչ մէկ մեկնաբանութիւն պիտի կատարէ, մինչեւ դատական գործընթացին...

Page 345 of 1280 1 … 344 345 346 … 1,280

Արխիւներ