Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը մտադիր է իր կազմին միացնել Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Տինամօ Մոսկուայի 19 տարեկան միջնապահ Արսէն Զախարեանը:
Գործընթացը արագացնելու համար ռուս ֆութպոլիստը յառաջիկայ դեկտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի ստանայ Հայաստանի անձնագիր, ինչ որ պիտի դիւրացնէ Անգլիոյ մէջ անոր աշխատանքի վիզա ստանալու հարցը: Լուրը յայտնեց ռուսական մարզական մամուլը:
Եթէ կողմերը իրարու հետ համաձայնին, Չելսի Զախարեանի փոխանցման համար պիտի վճարէ 12,6 միլիոն եւրօ, հայկական դրամատան մը միջոցով:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Զախարեան իր մարզական քաղաքացիութիւնը պիտի չփոխէ եւ պիտի շարունակէ հանդէս գալ Ռուսիոյ ազգային խումբին հետ:


