Մարզական

Պրազիլի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Բանակցութիւններ Կը Կատարէ  Քարլօ Անչելոթթիի Հետ

Պրազիլի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Բանակցութիւններ Կը Կատարէ Քարլօ Անչելոթթիի Հետ

Միջազգային մարզական մամուլը վերջերս անդրադարձաւ այս նիւթին` յայտնելով, որ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը բաւական մը աշխուժացուցած է իր բանակցութիւնները` Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ, իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի հետ: Նոյնիսկ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին, Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը անձամբ պիտի տեսակցի Անչելոթթիի հետ: Անչելոթթի դէմ չէ ասոր եւ պատրաստ է քննարկելու առաջարկը, սակայն կ՛ըսէ, որ կ՛ուզէ իր աւարտին հասցնել մատրիտեան ակումբին...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Ախոյեանութիւն. Ճոքովիչ Ապահովեց Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Ախոյեանութիւն. Ճոքովիչ Ապահովեց Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

2-րդ Դասուած Ժապէօր Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին գծով կատարուած Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, աշխարհի միջազգային դասաւորման 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ ապահովեց Գ. հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, երբ 6-1, 6-7, 6-2 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց միջազգային դասաւորման մէջ 191-րդ դիրքին վրայ գտնուող ֆրանսացի Էնզօ...

Ռաֆայէլ Նատալ Շուրջ Երկու  Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ռաֆայէլ Նատալ Շուրջ Երկու Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 22 թենիսի կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներու, ձախ ոտքի մկանային վնասուածքի պատճառով 6-8 շաբաթով պիտի բացակայի դաշտերէն: Նատալ Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, քանի մը օր առաջ 6-4, 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր ամերիկացի Մաքենզի Մաքտոնալտէն: Նշենք, որ նախորդ տարի Նատալ տիրացած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս Կրեց Տարեշրջանի  Իր 13-րդ Պարտութիւնը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս Կրեց Տարեշրջանի Իր 13-րդ Պարտութիւնը

Ցարդ միայն յաղթանակ մը արձանագրած Պիպլոս կրեց տարեշրջանի իր 13-րդ պարտութիւնը, երբ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ պարտուեցաւ իր հիւրէն` Պէյրութէն, 97-88 արդիւնքով (21-22, 21-25, 28-22 եւ 18-28): Ժիպէյլեան կազմը թէեւ փորձեց արձանագրել տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը, սակայն պէյրութեան կազմը մրցումին վերջին քորթըրին տասը կէտ աւելի նշանակելով արձանագրեց տարեշրջանի իր 12-րդ յաղթանակը` երկու պարտութեան...

Ճատրակ. Հայաստանի  Ախոյեանութիւն.  Տղոց Գործող Ախոյեանին  Առաջին Պարտութիւնը

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Տղոց Գործող Ախոյեանին Առաջին Պարտութիւնը

Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ կը շարունակուին Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի տղոց 83-րդ եւ աղջկանց 78-րդ ախոյեանութեան մրցումները: 6-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն հետեւեցաւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Տղոց մրցումներուն, մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը կրեց Հայաստանի գործող ախոյեան Մանուէլ Պետրոսեան, որ սեւ քարերով 106-րդ շարժումին զիջեցաւ Ռոպերթ Յովհաննիսեանին: Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Մանուէլ Պետրոսեան 4,5 կէտով կը շարունակէ գլխաւորել...

Հենրիխ Մխիթարեան Տիրացաւ Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին 5-րդ Տիտղոսին

Հենրիխ Մխիթարեան Տիրացաւ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին 5-րդ Տիտղոսին

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին, Ա. Սէ. Միլան-Ինթեր Միլան մրցումը վերջ գտաւ Իտալիոյ փոխախոյեան Ինթերի յաղթանակով, որ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ախոյեան Ա. Սէ. Միլանին: Յաղթական կազմին երեք անպատասխան կոլերը նշանակեցին Ֆետերիքօ Տիմարքօ (10-րդ), Էտին Ծեքօ (21-րդ) եւ Լաութարօ Մարթինեզ (77-րդ): Այսպիսով, Ինթեր Միլան 7-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային...

Բիչախչեան Եւ Անոր Խմբակիցները  Թուրքիոյ Մէջ Յաղթեցին  Ազրպէյճանի Ախոյեանին

Բիչախչեան Եւ Անոր Խմբակիցները Թուրքիոյ Մէջ Յաղթեցին Ազրպէյճանի Ախոյեանին

Լեհական Փոկոն ֆութպոլի ակումբը կը շարունակէ պատրաստուիլ երկրին ախոյեանութեան երկրորդ բաժինին: Թրքական Պելեք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Փոկոն 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ազրպէյճանի ախոյեան Քարաբաղ խումբին: Մրցումին հաշիւը 28-րդ վայրկեանին բացաւ Փոկոնի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Վահան Բիչախչեան: Նշենք, որ Լեհաստանի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան, Բիչախչեան Փոկոնի հետ իր կատարած 23 մրցումին ընթացքին ցարդ նշանակած...

Պալ Հետաքրքրուած` Հայաստանի Ֆութպոլի  Ազգային Հաւաքականին Միջնապահով

Պալ Հետաքրքրուած` Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Միջնապահով

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի աոյեանութեան գործող ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Յովհաննէս Յարութիւնեանով մօտէն հետաքրքրուած է զուիցերիական Պալ խումբը, այս մասին յայտնեց «Թրանսֆերմարքթ»: Նշուեցաւ, որ անոր փոխանցման հաւանականութիւնը, ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, 43 տոկոսով է սակայն: 23 տարեկան Յարութիւնեան, որ 2021-ի ամրան Արարատ-Արմենիայէն միացաւ Փիւնիկի, 14 մրցումի ընթացքին նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ: Հայրենի միջնապահը, որ մարտ 2022-ին իր նորամուտը...

«ԱՅ. ԷՖ. ԷՖ. ԷՅՉ. ԷՍ..» Ներկայացուց Եւրոպայի  2022 Տարուան Խորհրդանշական Հաւաքականը

«ԱՅ. ԷՖ. ԷՖ. ԷՅՉ. ԷՍ..» Ներկայացուց Եւրոպայի 2022 Տարուան Խորհրդանշական Հաւաքականը

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը` «ԱՅ. ԷՖ. ԷՖ. ԷՅՉ. ԷՍ.», ներկայացուց Եւրոպայի 2022 տարուան խորհրդանշական հաւաքականը: Անոր մէջ ամէնէն շատ ներկայացուցիչը ունի Ֆրանսան (չորս): Ստորեւ` «ԱՅ. ԷՖ. ԷՖ. ԷՅՉ. ԷՍ.»-ի կողմէ նկատի առնուած ֆութպոլիստները. Բերդապահ` Թիպօ Քուրթուա (Ռէալ Մատրիտ, Պելճիքա): Յետսապահներ` Թէօ Հերնանտեզ (Ա. Սէ. Միլան, Ֆրանսա), Վիրճիլ Վան Տիյք (Լիվըրփուլ, Նետերլանտներ), Եոշքօ Կուարտիոլ (Լայփցիկ, Խրուաթիա), Տենզել Տիւմֆրիզ (Ինթեր...

Սեռային Ոտնձգութիւններու Մեղադրանքով  Հետաքննութիւն Սկսաւ  81 Տարեկան Նոել Լը Կրայէի Դէմ

Սեռային Ոտնձգութիւններու Մեղադրանքով Հետաքննութիւն Սկսաւ 81 Տարեկան Նոել Լը Կրայէի Դէմ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Նոել Լը Կրայէ կը մեղադրուի սեռային ոտնձգութիւններու յանցանքով: Անոր դէմ դատ բացողը հանդիսացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի աշխատակիցներէն Սոնիա Սուիտ: Անոր համաձայն, Լը Կրայէ իրեն հասկցուցած է, որ եթէ կ՛ուզէ իր մասնագիտական օգնութիւնը, ուրեմն պէտք է հնազանդ ըլլայ իրեն: 37 տարեկան Սուիտ նախապէս զբաղած է վոլիպոլով, ապա սկսած է մարզական տարբեր տեսակի գործունէութեամբ զբաղիլ, որմէ ետք...

Լուիս Սուարեզ Հեթրիքի Հեղինակ`  Իր Նորամուտի Մրցումին

Լուիս Սուարեզ Հեթրիքի Հեղինակ` Իր Նորամուտի Մրցումին

Ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ, որ վերջերս միացաւ պրազիլական Կրեմիոյին, իր նորամուտի մրցումին դարձաւ հեթրիքի հեղինակ: Սաօ Լուիսի դէմ տեղի ունեցած Ռեքոպա Կաուչա գերբաժակի մրցումին, 35 տարեկան ֆութպոլիստը իր երեք կոլերը նշանակեց մրցումին առաջին 38 վայրկեաններուն: Մրցումը վերջ գտաւ Պարսելոնայի եւ Լիվըրփուլի նախկին ֆութպոլիստի կազմին` Կրեմիոյի յաղթանակով, 4-1 արդիւնքով: Նշենք, որ Կրեմիօ այս տարեշրջանի ելոյթ պիտի ունենայ Ա. դասակարգին մէջ` նկատի...

Ռաֆինիա Կրնայ Միանալ Լոնտոնեան  Արսենալին

Ռաֆինիա Կրնայ Միանալ Լոնտոնեան Արսենալին

Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը մտադիր է իր կազմին միացնել քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Ռաֆինիան, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ անգլիական ակումբի գլխաւոր մարզիչ Միկել Արթեթա անձամբ հետաքրքրուած է 26 տարեկան Ռաֆինիայով: Նախապէս պրազիլցին ելոյթ ունեցած է «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ մաս կազմելով Լիծ Եունայթըտին (2020-2022): Ան, Պարսելոնայի հետ 23 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած է 3 կոլ...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Ռաֆայէլ Նատալի Անակնկալ Պարտութիւնը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Ռաֆայէլ Նատալի Անակնկալ Պարտութիւնը

Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 22 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ չյաջողեցաւ պաշտպանել նախորդ տարի տիրացած Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի իր տիտղոսը: Այս մրցաշարքին թիւ 1 դասուած Նատալ Բ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 6-4, 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 65-րդ դիրքին վրայ...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Զգուշացուց  Մարոնի Համայնքին Ստանձնած Պաշտօնները  Դատարկութեան Մատնելու Դաւադիր Ծրագիրէ Մը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Զգուշացուց Մարոնի Համայնքին Ստանձնած Պաշտօնները Դատարկութեան Մատնելու Դաւադիր Ծրագիրէ Մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը  եւ մարոնի եկեղեցին յուզող իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը Ռայի պատրիարքէն իմացաւ Մեծն Բրիտանիա կատարած անոր այցելութեան արդիւնքները: Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարը դատական իշխանութեան կողմէ հետաքննութեան ենթարկելու արգելակումները, ինչպէս նաեւ այս հարցին մէջ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Երկուշաբթի Օր` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Աթլաս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Լիտըրզ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 19 յունուար 2023-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ մրցի Լիտըրզի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, ՀՄԸՄ ներկայիս կը գրաւէ ոչ նախանձելի դիրք...

Ճատրակ. Հայաստանի  Ախոյեանութիւն.  Յառաջատարները Ամրապնդեցին  Իրենց Դիրքերը

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Յառաջատարները Ամրապնդեցին Իրենց Դիրքերը

Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի տղոց 83-րդ եւ աղջկանց 78-րդ ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուողները ամրապնդեցին իրենց դիրքերը: Տղոց մրցումներուն, Հայաստանի գործող ախոյեան Մանուէլ Պետրոսեան թէեւ ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սամուէլ Տէր Սահակեանի հետ, սակայն ան 4,5 կէտով կը շարունակէ առանձինն գրաւել առաջին դիրքը: Անկէ 1,5-ական կէտով ետ կը...

Ծանրաբարձութիւն.  Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը  Հաւաք Կը Կատարէ Աբովեանի Մէջ

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Հաւաք Կը Կատարէ Աբովեանի Մէջ

Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ աղջկանց հաւաքականը 2023 տարուան ուսումնամարզական առաջին հաւաքին սկսաւ Աբովեանի համալիրին մէջ: Տղոց հաւաքականին նման աղջկանց հաւաքականը եւս իր ուսումնամարզական հաւաքը պիտի աւարտէ 29 յունուարին: Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան հաւաքի հրաւիրած է տարիքային երեք դասակարգերու 15 ներկայացուցիչներ: Անոր համաձայն, հայրենի երկսեռ մարզիկները պէտք է լաւապէս...

Արման Ծառուկեան Յառաջդիմեց  Միջազգային Դասաւորման Մէջ

Արման Ծառուկեան Յառաջդիմեց Միջազգային Դասաւորման Մէջ

Ռուսիան ներկայացնող հայ մարտիկ` Արման Ծառուկեան յառաջդիմեց «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.» թեթեւ քաշային կարգի նոր հրապարակուած միջազգային դասաւորման մէջ: 26 տարեկան մարզիկը խառն մենամարտերու նոր դասաւորման մէջ շրջանցելով պրազիլցի 38 տարեկան մարտիկ Ռաֆայէլ Տոս Անժուսը, այժմ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը: Նշուեցաւ նաեւ, որ պրազիլցին կը ծրագրէ փոխել իր քաշային կարգը: «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի մէջ Ծառուկեան իր կատարած 22 մենամարտերուն ընթացքին արձանագրած...

Երեք Հայ Եղբայրներ` Ֆրանսայի  Ժիւտոյի Տարբեր Տարիքային Ախոյեանութեան Տիտղոսակիրներ

Երեք Հայ Եղբայրներ` Ֆրանսայի Ժիւտոյի Տարբեր Տարիքային Ախոյեանութեան Տիտղոսակիրներ

Նախորդ շաբաթավերջին Ֆրանսայի մէջ կատարուած ժիւտոյի ներքին ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, եղբայրներ Արտաշէս, Հայկ եւ Տիգրան Նազարբէկեաններ, տարբեր տարիքային դասակարգի մրցումներուն հանդիսացան տիտղոսակիր: 17 տարեկան Արտաշէս, 14 տարեկան Հայկ եւ 10 տարեկան Տիգրան, 2015-էն ի վեր մաս կը կազմեն ֆրանսական Կափ քաղաքին մէջ գտնուող «ԷՅ. ԷՍ. ՓԻ. ԹԻ. ԹԻ.» ակումբին, իսկ նախքան Ֆրանսա տեղափոխուիլը, անոնք այս մարզաձեւով զբաղած են հայրենիքի...

Անգլիացի Միլիառատէրը Կը Բանակցի`  Մանչեսթըր Եունայթըտը Ձեռք Ձգելու Համար

Անգլիացի Միլիառատէրը Կը Բանակցի` Մանչեսթըր Եունայթըտը Ձեռք Ձգելու Համար

Անգլիական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ անգլիացի 70 տարեկան միլիառատէր Սըր Ճիմ Ռեթքլիֆ պաշտօնապէս բանակցութիւններու սկսած է անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի բաժնետոմսերը գնելու համար: «Տիքինսոն Թայմզ»-ի հաղորդումով, Ռեթքլիֆ իր «ԻՆԷՈՍ» ընկերութեան միջոցով բանակցութիւններ կը վարէ ակումբի սեփականատէր ամերիկեան Կլէյզըր ընտանիքին հետ: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, այս գործարքը անոր կրնայ արժել 5 միլիառ սթերլինկ: Նշենք, որ «ԻՆԷՈՍ» ընկերութեան կը պատկանին նաեւ զուիցերիական...

Page 330 of 1280 1 … 329 330 331 … 1,280

Արխիւներ