2-րդ Դասուած Ժապէօր
Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն
Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին գծով կատարուած Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, աշխարհի միջազգային դասաւորման 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ ապահովեց Գ. հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, երբ 6-1, 6-7, 6-2 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց միջազգային դասաւորման մէջ 191-րդ դիրքին վրայ գտնուող ֆրանսացի Էնզօ Քուաքոտի դէմ:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ եւ 55 վայրկեան:
Գ. հանգրուանի մրցումներուն, Ճոքովիչի մրցակիցը պիտի ըլլայ պուլկարացի Կրիկոր Տմիթրով, որ դասուած է 28-րդ:
Անգլիացի Էնտի Միւրէյ բաւական մեծ պայքար մը մղելէ ետք մրցաշարքէն դուրս ձգեց աւստրալիացի Թանասի Քոքքինաքիսին` անոր դէմ արձանագրելով 4-6, 6-7, 7-6, 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, չեխ Մարքեթա Վոնտրուսովա (դասուած` 86-րդ) ստեղծեց բաւական մեծ անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց աշխարհի դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող թունուզցի Օնս Ժապէօրին` անոր դէմ արձանագրելով 6-1, 5-7 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:


