Անգլիական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ անգլիացի 70 տարեկան միլիառատէր Սըր Ճիմ Ռեթքլիֆ պաշտօնապէս բանակցութիւններու սկսած է անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի բաժնետոմսերը գնելու համար:
«Տիքինսոն Թայմզ»-ի հաղորդումով, Ռեթքլիֆ իր «ԻՆԷՈՍ» ընկերութեան միջոցով բանակցութիւններ կը վարէ ակումբի սեփականատէր ամերիկեան Կլէյզըր ընտանիքին հետ:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, այս գործարքը անոր կրնայ արժել 5 միլիառ սթերլինկ:
Նշենք, որ «ԻՆԷՈՍ» ընկերութեան կը պատկանին նաեւ զուիցերիական Լոզան եւ ֆրանսական Նիս ակումբները: