Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ կը շարունակուին Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի տղոց 83-րդ եւ աղջկանց 78-րդ ախոյեանութեան մրցումները:
6-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն հետեւեցաւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Տղոց մրցումներուն, մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը կրեց Հայաստանի գործող ախոյեան Մանուէլ Պետրոսեան, որ սեւ քարերով 106-րդ շարժումին զիջեցաւ Ռոպերթ Յովհաննիսեանին:
Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Մանուէլ Պետրոսեան 4,5 կէտով կը շարունակէ գլխաւորել դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Անոր ետին 4-ական կէտ ունին` Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Արամ Յակոբեան:
Այս հանգրուանին Տիգրան Պետրոսեան իր կարգին կրեց իր առաջին պարտութիւնը` Արմէն Բարսեղեանէն, որուն համար ասիկա եղաւ մրցաշարքի առաջին յաղթանակը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, Մարիա Գէորգեան թէեւ սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նարինէ Գասպարեանի հետ, սակայն 4,5 կէտով կը շարունակէ մնալ առաջին դիրքին վրայ:
Գէորգեան այժմ կէտի մը առաւելութիւնը ունի Սուսաննա Գաբոյեանի, Ասիա Եդիգարեանի, Արփինէ Գրիգորեանի եւ Փոլինա Քոպաքի վրայ:
Այս հանգրուանին, Աննա Խաչատրեան արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` Նուարդ Հայրապետեանի դէմ:


