Միջազգային մարզական մամուլը վերջերս անդրադարձաւ այս նիւթին` յայտնելով, որ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը բաւական մը աշխուժացուցած է իր բանակցութիւնները` Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ, իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի հետ:
Նոյնիսկ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին, Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը անձամբ պիտի տեսակցի Անչելոթթիի հետ:
Անչելոթթի դէմ չէ ասոր եւ պատրաստ է քննարկելու առաջարկը, սակայն կ՛ըսէ, որ կ՛ուզէ իր աւարտին հասցնել մատրիտեան ակումբին հետ իր ստորագրած պայմանագրութիւնը, որ նախատեսուած է մինչեւ 2024-ի ամառ:
Թէեւ ասիկա այդքան ալ գոհ չձգեց Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, սակայն անոր համար կարեւոր կը նկատուի Անչելոթթիի հետ յատուկ հանդիպումը` Սպանիոյ մէջ:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալէն ետք, Պրազիլի մարզիչ Թիթէ ներկայացուց իր հրաժարականը:


