Ցարդ միայն յաղթանակ մը արձանագրած Պիպլոս կրեց տարեշրջանի իր 13-րդ պարտութիւնը, երբ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ պարտուեցաւ իր հիւրէն` Պէյրութէն, 97-88 արդիւնքով (21-22, 21-25, 28-22 եւ 18-28):
Ժիպէյլեան կազմը թէեւ փորձեց արձանագրել տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը, սակայն պէյրութեան կազմը մրցումին վերջին քորթըրին տասը կէտ աւելի նշանակելով արձանագրեց տարեշրջանի իր 12-րդ յաղթանակը` երկու պարտութեան կողքին:
Յաղթական կազմէն բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունենալով տապըլ-տապըլ-ի հեղինակ դարձաւ Ալի Հայտար (27 կէտ, 10 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Քենեթ Հէյզ նշանակեց 20 կէտ:
Հիւրընկալ կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Վիքթոր Պերմուտեզ (22), իսկ անոր խմբակից Ֆիլիփ Ռենքին տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (15 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Նշենք, որ ընդհանուր դասաւորման 12-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Պիպլոս տարեշրջանի իր միակ յաղթանակը (90-75) արձանագրած է շաբաթ, 26 նոյեմբերին` Լիտըրզի դէմ (8-րդ հանգրուան):


