Լեհական Փոկոն ֆութպոլի ակումբը կը շարունակէ պատրաստուիլ երկրին ախոյեանութեան երկրորդ բաժինին:
Թրքական Պելեք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Փոկոն 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ազրպէյճանի ախոյեան Քարաբաղ խումբին:
Մրցումին հաշիւը 28-րդ վայրկեանին բացաւ Փոկոնի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Վահան Բիչախչեան:
Նշենք, որ Լեհաստանի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան, Բիչախչեան Փոկոնի հետ իր կատարած 23 մրցումին ընթացքին ցարդ նշանակած է 5 կոլ եւ կատարած էսիսթ մը:


