Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Նոել Լը Կրայէ կը մեղադրուի սեռային ոտնձգութիւններու յանցանքով:
Անոր դէմ դատ բացողը հանդիսացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի աշխատակիցներէն Սոնիա Սուիտ:
Անոր համաձայն, Լը Կրայէ իրեն հասկցուցած է, որ եթէ կ՛ուզէ իր մասնագիտական օգնութիւնը, ուրեմն պէտք է հնազանդ ըլլայ իրեն:
37 տարեկան Սուիտ նախապէս զբաղած է վոլիպոլով, ապա սկսած է մարզական տարբեր տեսակի գործունէութեամբ զբաղիլ, որմէ ետք աւելի մուտք գործած է ֆութպոլի աշխարհ:
Հետզհետէ ան զգացած է, որ Լը Կրայէ տարբեր ուղղութեամբ կ՛երթայ, բան մը, որ ի վերջոյ անհանդուրժելի դարձած է անոր համար եւ ան յայտարարած է անոր կողմէ իր նկատմամբ ունեցած սեռային ոտնձգութիւններու մեղադրանքը:
Ըստ անոր, ասիկա տեղի ունեցած է 10 տարի առաջ, երբ ինք 28 տարեկան էր, իսկ Լը Կրայէ` 72 տարեկան:
Նշենք, որ նախորդ 11 յունուարին Լը Կրայէ պաշտօնազրկուեցաւ ֆետերասիոնին նախագահի պաշտօնէն:


