Մարզական

Քիմփեմպէ Մտադիր Է Հեռանալ  Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Քիմփեմպէ Մտադիր Է Հեռանալ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող ֆրանսացի յետսապահ Փրեսնել Քիմփեմպէ մտադիր է յառաջիկայ ամրան ընթացքին հեռանալ մայրաքաղաքի կազմէն: Հակառակ անոր որ անոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ է մինչեւ 2024-ի ամառ, սակայն ան կը փափաքի այլ երկրի մը ախոյեանութեան մասնակցիլ: 27 տարեկան Քիմփեմպէ, որ փարիզեան ակումբի սան է, 2015-էն ի վեր մաս կը կազմէ անոր հիմնական կազմին:

Իտալական Ֆութպոլ.  Անթոնիօ Քոնթէ` Նախորդ  Տարեշրջանի Լաւագոյն Մարզիչ

Անթոնիօ Քոնթէ Պիտի Հեռանայ Թոթենհամէն

Լոնտոնեան Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ, յառաջիկայ ամրան ընթացքին պիտի հեռանայ անգլիական ակումբէն` նկատի ունենալով, որ անոր նոր պայմանագրութիւն մը պիտի չառաջարկուի, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Իտալացի Քոնթէ, որ նոյեմբեր 2021-ին նշանակուեցաւ գլխաւոր մարզիչ, մինչեւ յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է խումբին հետ: Նշենք, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թոթենհամի մրցակիցն է Իտալիոյ...

Եուվենթուս Կրնայ Զրկուիլ Եւրոպական  Ֆութպոլի Մրցաշարքերէն

Եուվենթուս Կրնայ Զրկուիլ Եւրոպական Ֆութպոլի Մրցաշարքերէն

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Եուվենթուսէն խլուեցաւ 15 կէտ` նիւթական խախտումներու պատճառով: Իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» մարզական օրաթերթին համաձայն, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն նոյն պատճառով կրնայ Իտալիոյ ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած Եուվենթուսը հեռացնել եւրոպական մրցաշարքերէն: Նոյն պատճառով Եուվենթուս 2021-ին ստացաւ 3,5 միլիոն եւրօ տուգանք: Այդ գումարը պիտի վերածուի 23 միլիոն եւրոյի, եթէ յառաջիկայ երեք տարիներուն փաստուի, որ...

Նիւքասըլ Եունայթըտ Ակումբային  Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Նիւքասըլ Եունայթըտ Ակումբային Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, թէեւ Նիւքասըլ Եունայթըտ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քրիսթալ Փալասի դաշտին վրայ, սակայն ատոր շնորհիւ անիկա ակումբային կարեւոր նուաճում մը ձեռք ձգեց: Նիւքասըլ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումներուն գծով իր անպարտելիութեան շարքը հասցուց 15 մրցումի: Էտի Հաուի գլխաւորած կազմը` Նիւքասըլ, ընթացիկ տարեշրջանին իր վերջին պարտութիւնը կրեց...

Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի  Ընտրութիւն.  ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Էլի Հուլիշեան  Վերընտրուեցաւ Ֆետերասիոնի Անդամ

Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւն. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Էլի Հուլիշեան Վերընտրուեցաւ Ֆետերասիոնի Անդամ

Կիրակի, 22 յունուարին , Պէյրութի Ռիատի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ճատրակի ֆետերասիոնի ընտրութիւնը` մասնակցութեամբ 33 պաշտօնապէս արձանագրուած ակումբներու, որոնց շարքին` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Անթիլիասի եւ Անճարի  մասնաճիւղերուն: Ընտրութիւններուն հիմամբ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Էլի Հուլիշեան 28 ձայնով վերընտրուեցաւ ֆետերասիոնի անդամ:

Ալեքսանտր Փեթրաքով  Հասաւ Հայաստան

Ալեքսանտր Փեթրաքով Հասաւ Հայաստան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ, ուքրանացի Ալեքսանտր Փեթրաքով նախորդ շաբաթավերջին հասաւ Հայաստան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 65 տարեկան մասնագէտը այցելեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիան եւ հոն ծանօթացաւ ենթակառոյցներուն: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան Փեթրաքովին նուիրեց ազգային հաւաքականին անուանական մարզաշապիկը: Նշենք, որ Փեթրաքովի նշանակման մասին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ 14 յունուարին: Իր նշանակումէն կարճ...

Խաչանով Իր Արձանագրած Յաղթանակէն Ետք  Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Արցախին

Խաչանով Իր Արձանագրած Յաղթանակէն Ետք Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Արցախին

Աւստրալիոյ Մելպուռն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ դասուած է 17-րդ, Գ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 6-3, 6-4, 3-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ամերիկացի ֆրենսիս Թիաֆոյէին դէմ (16-րդ): Սովորութեան համաձայն, յաղթական մարզիկներուն համար կարելիութիւն տրուած է մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռող գործիքներուն վրայ գրութիւն մը նշել: Խաչանով, իր...

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն.  Սամուէլ Տէր Սահակեան Եւ Մարիա Գէորգեան  Հանդիսացան Հայաստանի 2023 Տարուան  Ախոյեանութեան Տիտղոսակիրներ

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Սամուէլ Տէր Սահակեան Եւ Մարիա Գէորգեան Հանդիսացան Հայաստանի 2023 Տարուան Ախոյեանութեան Տիտղոսակիրներ

Նախորդ շաբաթավերջին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ իրենց աւարտին հասան Հայաստանի տղոց 83-րդ եւ աղջկանց 78-րդ ճատրակի 2023 տարուան ախոյեանութեան մրցումները: Տղոց ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի հանդիպումներուն, Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, 51-րդ շարժումին յաղթելէ ետք Ռոպերթ Յովհաննիսեանին, միանձնեայ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը եւ առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան: Երկրորդ դիրքը 6...

Նշանառութիւն.  Հայաստան Տիրացաւ  Իր Երրորդ Մետալին

Նշանառութիւն. Հայաստան Տիրացաւ Իր Երրորդ Մետալին

Խրուաթիոյ Օսիեք քաղաքին մէջ տեղի ունեցող նշանառութեան «ԱՅ. ԷՍ. ԷՍ. ԷՖ.-Կրանտ Փրի» երկրորդ մրցաշարքին, Հայաստանի Բենիկ Խլղաթեան եւ Էլմիրա Կարապետեան խմբային զոյգը 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակի խառն մրցումներուն տիրացաւ պրոնզէ մետալին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի նշանառութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայրենի զոյգը յաղթահարեց զտումի հանգրուանը եւ պայքարի մէջ մտաւ պրոնզէ մետալին համար: Երրորդ դիրքի մրցումին անոնք 17-7 արդիւնքով առաւելութեան հասան Վրաստանի...

Եուվենթուսէն Խլուեցաւ 15 Կէտ

Եուվենթուսէն Խլուեցաւ 15 Կէտ

Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի դատարանը Եուվենթուսէն խլեց 15 կէտ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023  տարեշրջանին գծով` նկատի ունենալով, որ ի յայտ եկած է, որ ակումբին նախկին ղեկավարութիւնը նիւթական խարդախութիւններ կատարած է: Ակումբի նախկին նախագահ Անտրէա Անիելլի եւ նախկին թեքնիք տնօրէն Մաուրիցիօ Արիվապենէ երկուքական տարիով կախակայուեցան, նախկին փոխնախագահ Փաւել Նետվետ` 8 ամիսով, գործող թեքնիք տնօրէն Ֆետերիքօ Քերուպինի` 16 ամիսով, իսկ նախկին թեքնիք տնօրէն,...

Տեփայ Պարսելոնայէն  Տեղափոխուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ

Տեփայ Պարսելոնայէն Տեղափոխուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ

Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Մեմֆիս Տեփայ Պարսելոնայէն տեղափոխուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Մատրիտեան ակումբը 28 տարեկան ֆութպոլիստին հետ կնքեց երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը: Նշուեցաւ նաեւ, որ այս փոխանցման համար Աթլեթիքօ պիտի վճարէ 4 միլիոն եւրօ: Անոր պայմանագրութիւնը քաթալոնական ակումբին հետ նախատեսուած էր մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը: «Թրանսֆերմարքեթ»-ի համաձայն, ֆութպոլիստին փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 20 միլիոն...

Հերի Քէյն Պատրաստ Է Տեղափոխուելու  Մանչեսթըր Եունայթըտ

Հերի Քէյն Պատրաստ Է Տեղափոխուելու Մանչեսթըր Եունայթըտ

Լոնտոնեան Թոթենհամի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Հերի Քէյն պատրաստ է ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակելու Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, այս մասին յայտնեց անգլիական «Տէյլի Մէյլ»-ը: Մանչեսթըրեան ակումբին ղեկավարութիւնը մտադիր է անոր այս փոխանցումը ամէն գնով կատարել յառաջիկայ ամրան ընթացքին: Նշուեցաւ, որ Մանչեսթըրի նետերլանտցի մարզիչ Էրիք Թեն Հակի կողմէ ան նկատի առնուած առաջին ֆութպոլիստն է` խումբին միանալիք նոր մարզիկներու ցանկին...

«Քուփա Տել Ռէյ».  Քառորդ Աւարտականի Մրցումներուն  Վիճակաձգութիւնը

«Քուփա Տել Ռէյ». Քառորդ Աւարտականի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Բաւական զօրաւոր ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ Ռէալ Մատրիտ-Աթլեթիքօ Մատրիտ մրցումը: Պարսելոնա պիտի մրցի Ռէալ Սոսիետատի դէմ, Վալենսիա իր դէմ պիտի ունենայ Աթլեթիք Պիլպաոն, իսկ Օսասունա` Սեւիլլան: Օսասունա-Սեւիլլա եւ Պարսելոնա-Ռէալ Սոսիետատ մրցումները տեղի պիտի ունենան չորեքշաբթի, 25 յունուարին, իսկ Ռէալ...

Տենի Ալվես Ձերբակալուեցաւ Պարսելոնայի Մէջ`  Սեռային Ոտնձգութիւններու Յանցանքով

Տենի Ալվես Ձերբակալուեցաւ Պարսելոնայի Մէջ` Սեռային Ոտնձգութիւններու Յանցանքով

Մեքսիքական Փումաս ակումբին եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յետսապահ Տենի Ալվես, որ ամբաստանուած է սեռային ոտնձգութիւններ կատարելու յանցանքով, Պարսելոնայի մէջ ձերբակալուեցաւ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: 39 տարեկան ֆութպոլիստը հարցաքննութեան համար Քաթալոնիոյ մայրաքաղաքի ոստիկանատուն ներկայանալէ ետք ձերբակալուած է: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան նախորդ 30 դեկտեմբերին Պարսելոնայի գիշերային ակումբի մը մէջ երիտասարդ կնոջ մը նկատմամբ բռնութիւն կատարած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ-Լիտըրզ` 68-76

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Լիտըրզ` 68-76

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ իրարու դէմ մրցեցան ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Լիտըրզ: «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը վերջ գտաւ, հիւր կազմին յաղթանակով` 76-68 արդիւնքով (18-17, 13-14, 19-25 եւ 18-20): Մրցումին տեւողութիւնը եղաւ բաւական հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր խումբ կը փորձէր ինք ըլլար մրցումին...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը  Լաւագոյն Լիկաներու Դասաւորման Մէջ  Բարելաւեց Իր Դիրքը

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Լաւագոյն Լիկաներու Դասաւորման Մէջ Բարելաւեց Իր Դիրքը

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը («ԱՅ. ԷՖ. ԷՖ. ԷՅՉ. ԷՍ.») հրապարակեց աշխարհի լաւագոյն լիկաներու 2022 տարուան  դասաւորումը, ուր Հայաստան կը գրաւէ 55-րդ դիրքը: 2021-ին Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը կը գրաւէր դասաւորման 69-րդ դիրքը: Դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Պրազիլի Ա. դասակարգը, երկրորդ կը հանդիսանայ «Փրեմիեր Լիկ»-ը, մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ «Լա-Լիկա»-ն: «Պունտըսլիկա»-ն չորրորդն է, իսկ «Քալչիո»-ն` հինգերորդը: Դասաւորման 80-րդ եւ...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արամ Քոչարեան Միացաւ  Ալաշկերտ-Երեւանի

Հայկական Ֆութպոլ. Արամ Քոչարեան Միացաւ Ալաշկերտ-Երեւանի

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Ալաշկերտ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ միջնապահ Արամ Քոչարեան միացաւ երեւանեան կազմին: 26 տարեկան միջնապահը, որ Ուրարտուի սան է, Հայաստանի մէջ հանդէս եկած է Արարատի, Լոքոմոթիւի, Լոռիի, Գանձասարի, Փիւնիկի եւ Նորավանքի հետ: Քոչարեանի նախկին ակումբն էր Վիթեպսքը, որուն հետ ան 15 մրցումի մասնակցեցաւ Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան գծով: Արամ Քոչարեան ներկայացուցած...

Մեսսի Եւ Ռոնալտօ Դարձեալ  Մրցեցան Իրարու Դէմ

Մեսսի Եւ Ռոնալտօ Դարձեալ Մրցեցան Իրարու Դէմ

Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 7 անգամ «Ոսկեայ գնդակ»-ին տիրացած, աշխարհի նորընծայ ախոյեան, ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի եւ 5 անգամ «Ոսկեայ գնդակ»-ին տիրացած, Եւրոպայի ախոյեան, Սէուտական Արաբիոյ Նասըր խումբին նորեկ, փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 2020-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով դարձեալ մրցեցան իրարու դէմ: Սէուտական Արաբիոյ Ռիատ քաղաքի Ֆահտ թագաւորի անուան միջազգային մարզադաշտին մէջ տեղի...

Պայէրն Միւնիխ Իր Կազմին  Միացուց Եանն Սոմերը

Պայէրն Միւնիխ Իր Կազմին Միացուց Եանն Սոմերը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն  Միւնիխ իր կազմին միացուց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի զուիցերիացի բերդապահ Եանն Սոմերը այս մասին յայտնեց միւնիխեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 34 տարեկան բերդապահին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2025: Ինչպէս ծանօթ է, Պայէրն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր ոտքի կոտրուածքի պատճառով այս տարեշրջանին պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ: Նշենք, որ Սոմերի պայմանագրութիւնը Մէօնշընկլատպախի հետ նախատեսուած էր...

Էտին Ծեքօ Գերազանցեց Ռոնալտոյի  Տարիքային Մրցանիշը

Էտին Ծեքօ Գերազանցեց Ռոնալտոյի Տարիքային Մրցանիշը

Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան, Ինթեր Միլանի պոսնիացի յառաջապահ Էտին Ծեքօ երկրի ախոյեան Ա. Սէ. Միլանի դէմ իր նշանակած կոլին շնորհիւ գերազանցեց Եուվենթուսի նախկին յառաջապահ, փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի տարիքային մրցանիշը` Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումներուն գծով: Ծեքօ կոլի հեղինակ դարձաւ 36 տարեկան եւ 307 օրականին, այս մասին յայտնեց Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ռոնալտօ Իտալիոյ գերբաժակի մրցաշարքին կոլ նշանակած էր,...

Page 329 of 1280 1 … 328 329 330 … 1,280

Արխիւներ