Ռուսիան ներկայացնող հայ մարտիկ` Արման Ծառուկեան յառաջդիմեց «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.» թեթեւ քաշային կարգի նոր հրապարակուած միջազգային դասաւորման մէջ:
26 տարեկան մարզիկը խառն մենամարտերու նոր դասաւորման մէջ շրջանցելով պրազիլցի 38 տարեկան մարտիկ Ռաֆայէլ Տոս Անժուսը, այժմ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ պրազիլցին կը ծրագրէ փոխել իր քաշային կարգը:
«ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի մէջ Ծառուկեան իր կատարած 22 մենամարտերուն ընթացքին արձանագրած է 19 յաղթանակ եւ կրած 3 պարտութիւն:


